Որոնել

Ինչ կը նախընտրենք, խաւարը` թէ լոյսը (Յովհաննէս 3, 13-21) Ինչ կը նախընտրենք, խաւարը` թէ լոյսը (Յովհաննէս 3, 13-21) 

Կիրակի 20 Յունուար 2019 - Երկրորդ կիրակի յետ Յայտնութեան

Ինչ կը նախընտրենք, խաւարը` թէ լոյսը (Յովհաննէս 3, 13-21)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր, Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ` ականատես կ՛լլանք թէ ինչպէս տարի մը առաջ կատարուած ընտրութիւնները ձախող արդիւնք տուած են, որովհետեւ աւելի խոր կերպով չեն մտածած իրենց կատարածին վրայ. նոյնպէս ալ մարդիկ, գիտակցաբար կ՛ընտրեն ինչ որ իրենց համար վտանգաւոր է եւ անստոյգ ապագայ կը խոստանայ, հակառակ բոլոր ազդարարութիւններուն եւ նախազգուշութիւններուն։

Խաւարն ընտրել` կը նշանակէ մերժել լոյսը եւ հեռանալ ու փախչիլ լոյսէն։ Յիսուս կը խօսի այն մարդոց մասին որոնք կարելիութիւնն ունին ընտրութիւն ընելու, շատ լաւ կը տեսնեն ճշմարտութիւնը եւ սակայն կը փնտռեն սուտը եւ կամովին կ՛իյնան չարին ճիրաններուն տակ։ Անշուշտ կը խօսի նախ իր շուրջը գտնուող փարիսեցիներու մասին, որով այս խօսքերը ուղղուած են Նիկոդեմոս Փարիսեցիին, որ եկած էր գիշերով իր մօտը` լուսաբանուելու իր վարդապետութեան շուրջ։ Փարիսեցիներու մեծամաս-նութիւնը, որոնք ըմդհանրապէս ուղիղ մարդիկ էին, սակայն, տեսնելով հանդերձ ճշմարտութիւնը Յիսուսի քարոզութեան, չէին հաւատար անոր։

Իսկ մենք, այսօր, ի՞նչ է մեր նախընտանքը։ Մտիկ ընել Քրիստոսի խօսքերուն եւ հաւատա՞լ անոր, թէ ըսել. Շատ կարծր են քու խօսքերդ, դժուար է հետեւիլ քեզի, կը նախընտրենք մենք մեր ազատ ճամբէն քալել, եւ ընթացք տալ մեր քմահաճոյքին, կատարելով մեր անձնական կամքը, այսինքն ազատ ապրելով աւետարանի դրած կաշկանդումներէն։ Նիկոդեմոս հաւանաբար միակ փարիսեցին է որ Քրիստոսի խօսքերուն հաւատաց եւ հետեւեցաւ անոր։ Միւս բոլորը բռնեցին կորստեան ճամբան։

Մենք կրնանք շատ լաւ օրինակելի կեանք մը ապրիլ, պահելով բոլոր կանոնները, հաւատարիմ ըլլալով բոլոր պատուիրաններուն եւ որեւէ մէկուն իրաւունքը չառնելով, այլ նոյնիսկ աղքատներուն օգնելով։ Սակայն այս բոլորը չի բաւեր լոյսի մէջ քալելու համար. Իրական լոյսը Յիսուսն է, որուն միակ օրէնքը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս, օգնութեան հասիր անոր` նեղութեան մէջ եւ, եթէ պէտք է, զոհէ քու անձդ իրեն համար։ Այսքան մեծ զոհողութեան` որեւէ մէկը պատրաստ չէ. ասոր համար ալ բոլորովին լոյսի մէջ չենք, այլ կը դիմենք դէպի լոյսը։

Մենք կը գտնուինք խաւարին եւ լոյսին միջեւ. Խաւարը միշտ մեզ կը հետապնդէ մեր շուքին նման, եւ կ՛ուզէ մեզ կլանել, սակայն լոյսը մեզ կը քաշէ դէպի իրեն եւ մեզի յոյս կը ներշնչէ հասնելու մեր նպատակին, ապրելու լուսաւոր աշխարհի մէջ, հեռու խաւարային ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումէ։

Խուսափելու համար խաւարին իշխանութենէն հարկ է որ միշտ արթուն մնանք, աղօթքով, ապաշխարանքով եւ սրտի տրամադրութեամբ օգտակար դառնալու մեր շուրջը ապրողներուն, անոնց օրինակ ըլլալով մարդկային արժէքներով լեցուն կեանքի մը, ինչպէս նաեւ հոգելից կեցուածքի մը կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։

Ամենամեծ անխելքութիւնը պիտի ըլլար, մեր կողմէն, տեսնելով լոյսին առաւելութիւնները, շարունակել մնալ խաւարին մէջ։ Իրազեկ ըլլալով մեր քրիստոնեայի ինքնութեան, շարունակել ապրելու, նման անաստուածներուն եւ առանց յոյսի ապրողներուն, որոնք կ՛անտեսեն իրենց կրօնական պարտականութիւնները, առարկելով թէ անդենական կեանք գոյութիւն չունի եւ թէ ամէն ինչ պիտի վերջանայ այս աշխարհին վրայ երբ մեր աչքերը վերջնականապէս պիտի փակենք։ Լսենք Տիրոջ խօսքը, մօտենանք լոյսին, հեռանալով խաւարէն, եւ փրկութեան հասած կ՛ըլլանք։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2019, 10:00