Որոնել

Կանայի Հարսանիքը Կանայի Հարսանիքը 

Կիրակի 13 Յունուար 2019 - Առաջին կիրակի յետ Յայտնութեան

Կանայի Հարսանիքը (Յովհաննէս 2, 1-11)

Զանազան պետութիւններու մօտ` իշխող անձերու մայրերը յաճախ շատ կարեւոր դեր խաղացած են իրենց որդիներուն առած կարգ մը որոշումներուն մէջ։ Այսպէս զոր օրինակ, Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ, առաջնակարգ դեր ունեցաւ հռովմէական կայսրութեան դէպի քրիստոնէութիւնը հակումին մէջ. ան փոխեց լման աշխարհի ճակատագիրը եւ պատմութեան ընթացքը։

Շատ մը ժողովրդական պատմուածքներու մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս մարդիկ շնորհք մը ընդունելու համար թագաւորէն, կը դիմէին նախ անոր մօրը բարեխօսութեան։ Ստոյգ է որ շատ մը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, իրենց մօր հաճելի ըլլալու եւ անոր կամքը չբեկանելու համար, կը յօժարէին կատարել անոր խնդրանքը։

Յիսուս նոյնպէս, այսօրուայ դէպքին մէջ, կը կատարէ իր մօր` Մարիամի խնդրանքը օգնելու հարսնեւորներուն` հրաշքով մը։ Թէպէտ նախ կ՛ընդդիմանայ, առարկելով թէ իր ժամը չէ հասած, սակայն կարծէք Մարիամ նկատի չ'առներ իր Որդւոյն առարկութիւնը եւ կտրուկ ու վճռական ձեւով կ՛ըսէ սեղանին ծառայողներուն. Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի։ Ձեւով մը նաեւ կը յանդիմանէ Քրիստոսը ըսելով կարծէք. Ալ կը բաւէ, մինչեւ ե՞րբ պիտի ծածկես ինքնութիւնդ ու կարողութիւններդ, ժամանակն է որ սկսիս հրաշքներ գործելու եւ քարոզելու Աստուծոյ արքայութիւնը։

Դէպքի վերջաւորութեան, աւետարանիչը կ՛աւելցնէ. Այսպէսով Քրիստոս յայտնեց իր փառքը եւ աշակերտները հաւատացին անոր։ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօ-սութիւնը այնքան ազդեցիկ է որքան Տիրոջ մէկ հրամանը, եւ անմիջապէս կը գործադրուի ի նպաստ խնդրարկուին։ Ասիկա մեզի ամէնուս պէտք է յոյս ներշնչէ, թէ ինչ որ չկարողացանք ընդունիլ աղօթքով, պաղատանքով ու արցունք թափելով, կրնանք ստանալ Մարիամի միջնորդութեամբ, եթէ իրեն դիմենք ամենայն վստահութեամբ, առանց յուսահատելու։

Յիսուսի այս հրաշքը էականին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն մը չունի, այլ պարզապէս բարեկամ մը կամ ազգական մը ազատելու համար է նեղ կացութենէն որուն պիտի ենթարկուէր երբ հանդիսականները անդրադառնային որ տանտէրը հարկ եղածին չափ գինի չէր ապահոված հրաւիրեալները գոհացնելու համար հարսանեկան տօնակատարութեան ընթացքին։ Յիսուս կ՛ազատէ զինք նեղ դրութենէ մը։

Սակայն այս հրաշքին իմաստը շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ եթէ նկատի առնենք թէ Քրիստոսի գործած առաջին հրաշքն է եւ թէ ինքզինք աշխարհի յայտնելու առաջին մեծ քայլն է, նախ քան քարոզութիւնը։ Տակաւին մինչեւ այսօր կարելի է այցելել այն վայրը, Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, որ վերածուած է եկեղեցիի եւ դարձած է ուխտատեղի բոլոր ամուսնացեալ զպյգերուն համար, որոնք հոն կ՛երթան նորոգելու իրենց ամուսնական խոստումները եւ ստանալու քահանային օրհնութիւնը իրենց զոյգին եւ բոլոր ընտանիքին համար։

Ուստի Սուրբ Կոյս Մարիամի հանդէպ ջերմեռանդութիւնը հարկ է որ մեր առօրեայ աղօթքներուն մաս կազմէ. Սուրբ վարդարանը, Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը հարկ է որ մեր շուրթներուն վրայ միշտ ծաղկին, որպէսզի ապահով ըլլանք թէ այն ամէն շնորհքները որ կը խնդրենք Աստուծմմէ, նոյնիսկ եթէ մարդկայնօրէն անկարելի կը թուին ըլլալ, Մարիամի միջոցաւ սակայն` կարելի կը դառնան, մեզի ի նպաստ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2019, 08:39