Որոնել

Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի 

Կեանքէն հեռացաւ Թերեզ Մուրատեանը՝ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի մայրը

Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը, իմանալով Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի մօր՝  Թերեզ Մուրատեանի մահուան լուրը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հիւսիսային Ամերիկայի և Գանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհ. Տ. Միքայել Եպս. Մուրատեանին ու համայն Մուրատեան  ընտանիքին։

Թերեզ Մուրատեան ծնած էր Լիբանան, 1931թ. հոկտեմբեր 18-ին: Ան վեց զաւակներու մայր էր՝ երեք մանչ և երեք աղջիկ: Թերեզ Մուրատեանը իր  սրբակեաց կեանքով եւ աղօթասիրութեամբ, իր զաւակներուն համար եղաւ օրինակելի մայր մը, զանոնք դաստիարակելով հոգևոր լաւ դաստիարակութեամբ ու այդ օրինակէն մեկնելով որ անոր զաւակներէն երկուքը ընտրեցին իրենց կեանքը նուիրել Աստուծոյ ծառայութեան՝ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը և Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ քոյր Հակինթա Մուրատեանը։

Թերեզ Մուրատեանը մահկանացուն կնքեց  Կիրակի 13  Յունուար 2019-ին, երկարատև հինաւանդութեան մը աւարտին:

Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2019, 09:00