Ուղղափառ ԵԿեղեցիներու ժողով Ուղղափառ ԵԿեղեցիներու ժողով 

Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը Բարթողիմէոս պատրիարքին կոչ կ՛ուղղէ չաճապարելու

Պատրիարքը մտահոգութիւն յայտնեց «ո՛չ միայն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած պառակտումին, այլ նաեւ տեղւոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կարծիքի անտեսման նկատմամբ»:

Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եուհաննա Ժ. պատրիարքը հրապարակեց Պոլսոյ յոյն ուղղափառ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսին ուղղուած բաց նամակ մը` նշելով, թէ տեղեակ է Ուքրանիոյ մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններէն, եւ մտահոգութիւն յայտնեց «ո՛չ միայն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած պառակտումին, այլ նաեւ տեղւոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կարծիքի անտեսման նկատմամբ»:
Ան Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարքին կոչ ուղղեց` «չաճապարելու եւ ուղղափառ անկախ եկեղեցիներու համաձայնութեան չարժանացած որեւէ որոշում տալու չշտապելու, որովհետեւ անտրամաբանական է պառակտումի մը վերջ տալ` ի վնաս ուղղափառ աշխարհի միասնականութեան»:
Եուհաննա Ժ. պատրիարքը նշեց. «Եկեղեցւոյ խաղաղութեան, միութեան եւ ներկայ մեր աշխարհին մէջ ուղղափառ վկայութեան համար օգտակար է սառեցնել այդ որոշումները եւ յետաձգել անոնց գործադրութիւնը»:
Ան նաեւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիաքին կոչ ուղղեց ուղղափառ եկեղեցիներու ղեկավարները հրաւիրելու խորհրդակցութեան` «մեր եկեղեցիին խնայելու համար այն վտանգները, որոնք ո՛չ Ուքրանիոյ, ո՛չ ալ ուղղափառ աշխարհին մէջ խաղաղութեան պիտի առաջնորդեն»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 08:34