Յիսուսի Ծնունդը Յիսուսի Ծնունդը 

Եւ Բանն Մարմին եղաւ

Ուրախութիւնը քրիստոնէական կեանքին մաս կը կազմէ: Քանի որ, Յիսուսով, ամէն օր կարելի է նորէն վերսկսիլ:

Աւետարան ըստ Յովհաննու Գլ. 1. 1-5 Սկիզբէն էր Բանն, եւ Բանն Աստուծոյ քովն էր եւ Բանն Աստուած էր: Ան սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր: Ամէն ինչ Անով ստեղծուեցաւ, եւ առանց անոր ոչ մէկ էակ ստեղծուեցաւ: Կեանքը Անով էր եւ կեանքը՝ լոյսն էր մարդոց: Լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ եւ խաւարը չհասաւ Անոր:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բանն ճշմարիտ լոյսն էր, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամէն մարդ: Աշխարհի մէջ էր, աշխարհը ստեղծուեցաւ Անով, սակայն աշխարհը չճանչցաւ զինք: Եկաւ իրեններուն, եւ իրենները զինք չընդունեցան: Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցաւ զինք, եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու: Անոնք ո՛չ արիւնէն, ո՛չ մարմինէն ո՛չ ալ մարդու կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնան: Եւ Բանն մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, եւ մենք տեսանք Անոր փառքը, զոր կ'ընդունի Հօրմէն, իբրեւ Միածին Որդի, լի՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ: Յիսուս, ես մսուրին պարզութեամբ, գիտակցութեամբ եւ սիրով կը մօտենամ: Շնորհակալութիւն ինձ այցելելուդ համար: Այս առաւօտ, կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչու համար փոքրիկ մանկիկ եկար ինձ համար: Տէր, թող այսօրուայ գալուստովդ իմ կեանքիս մէջ առաջ եւ յետոյ նշան մը ըլլայ:
Ս. Ծննդեան պատմութիւնները, Յովհաննէսի աւետարանին նախաբանն է: Դէպքը այսպէս պատմուած է. «Մանուկ մը մեզի համար ծնաւ: Հրեշտակները զայն յայտարարեցին. «Ան Փրկիչն է, Ամենաբարձրեալին Որդին»: Սուրբ Յովհաննէս դէպքին շուրջ կ'անդրադառնայ, պատմութեան համար՝ իւրաքանչիւր մարդու համար:
Առնենք երեք պարզ հատուածներ,որ շատ հարուստ է եւ սեղմ:
«Բանն սկիզբէն էր» (Հմր. 14). Այս առաջին համարն է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ: Աստուծոյ Որդիին աշխարհ գալը նոր սկիզբն է: Մարդեղութենէն ետք, ամէն ինչ առաջուայ պէս նոյնը չըլլար: Երկինքի թագաւորութիւնը երկրի վրայ սկսած է, հունտը ցանուած է, պիտի մեծնայ մինչեւ վերջին ժամանակները, մինչեւ որ ամէն ինչ իրմով կ'իրականանայ Հօր մէջ: Ծնունդը յոյսի օրն է: Ֆրանսուայ Պապը զայն Անժելուս աղօթքին մէջ կը կրկնէ (15 Դեկտեմբեր 2013). Ուրախութիւնը քրիստոնէական կեանքին մաս կը կազմէ: Քանի որ, Յիսուսով, ամէն օր կարելի է նորէն վերսկսիլ: Յիսուս ամէն բանի սկիզբն ու վերսկզբունքն է: «Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Հմր. 12): Յիսուս իր մօտն է, ամբողջ տիեերքը. «Երկինքի մէջ՝ որ իր բնակարանն է, արարչութեան մէջ, քանի որ «Ամէն ինչ իրմով եղաւ»: Ան թոյլտուութիւն չ'ուզեր անասուններէն եէ կամ բոյսերէն իրենց վրայ թագաւորելու համար:Բայց մարդու սրտին մէջ բնակելու համար, կ'ուզէ ազատ կերպով հիւրընկալուի: Մարդ արարածը ազատ կերպով Որդի Աստուծոյն իր սրտին մէջ կ'ընդունի՝ հաւատքով եւ իր անունով: Յիսուսի կեանքը այս աշխարհի վրայ այդ իսկ կը հաստատէ. «Այստեղ է ուր՝ իր մասին պատմողները հաւատքն ունին, եւ զորս՝ հրաշքներ կատարեց»:
«Բանն (...) մեր մէջ բնակեցաւ, ու մենք տեանք անոր փառքը» (Հմր. 14): Ինչ որ շատ անգամ նորածինին համար կ'ընենք, պարզապէս կը հիանանք որ պարզութեան համար, իր հանդարտութեան համար, իր ազատ կեանքի համար: Թերեւս ասոր համար է, որ Յիսուս ուզեց լոյս աշխարհ գալ որպէս պարզ նորածին մը: Իր առաջին վերաբերմունքը, նախքան լսելը, շարժուձեւերը քննարկելու, զարմանալ իր հրաշքներուն, պարզապէս սքանչանալ, հիանալ: Տէր, այս նոր օրուան առիթով, իմ հաւատքս Քեզմով թող վերանորոգուի: Դուն ինձ համար աշխարհ եկար, եւ ես Քեզ կ'ուզեմ որպէս իմ Փրկիչս ընդունիլ: Կ'ուզեմ Քու մասին մտածել: Դուն ես իմ ուրախութիւնս:
Այսօր վայրկեան մը յատկացուր Յիսուսին մասին մտածելու, որ մսուրին մէջն է:

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 08:15