Յիսուս հիւանդ մը կը բուժէ Յիսուս հիւանդ մը կը բուժէ 

Տէրը կուգայ իր ժողովուրդին հետ ապրելու:

Սերունդներուն ընդհանուր թիւն է. Աբրահամէն մինչ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ, Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի գերութիւն՝ տասնչորս սերունդ, բաբելոնի գերութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ:

Աւետարան ըստ Մատթէոսի 1: 1-17

Գիրք ծննդեան Յիսուս Քրիստոսի, որդի Դաւթի, որդի Աբրահամի: Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, Իսահակ ծնաւ Յակոբը, Յակոբ ծնաւ Յուդան եւ եղբայրները, եւ Յուդան Թամարին հետ ամուսնանալով՝ ծնաւ Փարէսը եւ Զարան, Փարէսը ծնաւ Եզրոնը, Եզրոն ծնաւ Արամը, Արամ ծնաւ Ամինադաբը, Ամինադաբ ծնաւ Նասոնը, Նասոն ծնաւ Սաղմոնը, Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Հռաքաթէն, Բոոսը ծնաւ Ովբէթը՝ Հռութէն, Ովբէթ ծնաւ Յեսսէն, Յեսսէն ծնաւ Դաւիթ թագաւորը: Դաւիթ Ուրիայէն ծնաւ Սողոմոնը, Սողոմոնը ծնաւ Հռոբովամ, Հռոբովամ ծնաւ Աբիա, Աբիա ծնաւ Ասափը, Ասափ ծնաւ Յովսափաթը, Յովսափաթ ծնաւ Յովրամը, Յովրամ ծնաւ Ոզիան, Ոզիա ծնաւ Յովաթամը, Յովաթամը ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան, Եզեկիա ծնաւ Մանասէն, Մանասէ ծնաւ Ամոնը, Ամոն ծնաւ Յովսիան, Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան եւ անոր եղբայրները Բաբելոնի գերութեան ժամանակ: Եղիակիմը, Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը Բաբելոնի գերութենէն ետք, Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը, Սաղաթիէլը ծնաւ Զորոբաբէլը, Զորոբաբէլ ծնաւ Աբիութը, Աբիութ ծնաւ, Ազովր ծնաւ Սադովկը, Սադովկ ծնաւ Աքինը, Աքին ծնաւ Եղիութը, Եղիութ ծնաւ Եղիազարը, Եղիազար ծնաւ Մատթանը, Մատթան ծնաւ Յակոբը, Յակոբ ծնաւ Յովսէփը, Մարիամին այրը, որմէ Յիսուս ծնաւ, զորս զինք Քրիստոս կը կոչենք:
Ուրեմն, սերունդներուն ընդհանուր թիւն է. Աբրահամէն մինչ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ, Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի գերութիւն՝ տասնչորս սերունդ, բաբելոնի գերութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ: Սուրբ Հոգին, Տիրոջ Հոգի, Դուն, Աստուած՝ զորս հրաշքներ կը գործես, իմ մէջս ապրի՛ր, ինձ համար աղօթէ, ինձ՝ սիրէ:

17էն 24 Դեկտեմբեր, մենք այս ութ օրերու ընդմէջէն կը հասնինք Ծննդեան մեծ տօնին: Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը հրամցնէ իւրայատուկ արարողակարգ մը՝ սրբազան ընթերցումներու միջոցով մեզ հոգեպէս պատրաստելով: Այս իսկ նախագիծն է ամէն բանի: Ըլլանք աչքերը եւ ըլլանք սրտապինդ այս եղելութեան որպէսզի չըլլայ միայն բան մը, զորս կը կատարուի, բայց բան մը՝ որ կը կատարուի: Ինչքան կը ցանկանք եւ ինչքան լաւ կը պատրաստուինք, մենք կը նմանուինք արդիւնաւէտ հողին, զորս լաւ հատիկ կուտայ եւ կը պտղաբերէ (Մատթ. 13. 8): Լսենք հեռուն կատարուածին, այն ինչ հրեշտակը հովիւներուն ըսաւ այն գիշերը ուր՝ Յիսուս ծնաւ. «Ահաւասիկ ձեզի կ'աւետեմ մեծ ուրախութիւնը, զորս ամբողջ ժողովուրդին ուրախութիւն պիտի ըլլայ«

Այսօր Դաւթի քաղաքին մէջ ձեզի փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2. 10-11): Եսայի մարգարէն յստակ կերպով այս փոքրիկին մասին կը մարգարէանայ թէ իր կոչումին եւ թէ մեզի ինչ պիտի տայ. «Այո՛, մեզի փոքրիկ մը ծնաւ, զաւակ մը մեզի տրուած է (...): Եւ իր իշխանութիւնը յաւէտ է եւ խաղաղութիւնը անվերջ է Դաւիթի Աթոռին եւ թագաւորութեան համար զորս՝ պիտի հիմնէ, պիտի հաստատէ օրէնքի եւ Արդարութեան վրայ՝ հիմակուընէ յաւիտեանս յաւիտենից: Զայս պիտի կատարէ, Տիեզերքի Տիրոջ սիրոյ նախանձով (Ես. 9. 5-6): «Տիրոջ սիրոյ նախանձով», եթէ մենք զմեմ քննենք, թէ ինչքան մեր Տէրը մեզ կը սիրէ եւ մեզ իրեն մօտ ըլլալը կ'ուզէ, եւ ամէն ինչ որ մեզ համար կը կատարէ, ինչպէս մեզի կ'ընկերակցի: Խօսելով Տիրոջ պարգեւներուն մասին, Սուրբ Պօղոս այսպէս կը բացատրէ. «Որ ինքզինք զոհեց՝ որ փրկէ մեզ անօրէնութենէն եւ սրբացնէ սեփական ժողովուրդ մը՝ նախանձախնդիր բարի գործերու մէջ» (Տիտ. 2. 14):

« Մեզի սեփական ժողովուրդ մը դարձնել», իւարայատուկ ժողովուրդ մը, այնքան Տիրոջմէ սիրելի, ժողովուրդ մը՝ Որդիին, ինչպէս Յովհաննէս իր նախաբանին մէչ կը խօսի. «Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցին զինք եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհ. 1. 12): Ասոր համար Ս. Ծննդեան տօնը մեր տօնն է Յիսուսին տօնն ըլլալէն աւելի: Յետ այսու մենք ալ միանանք եւ մենք զմեզ պատրաստնենք ընդունելու «Կեանքը Անով էր եւ կեանքը՝ լոյսն էր մարդոց» (Յովհ. 1. 4):
Այստեղ, իր աւետարանի առաջին հատուածին մէջ, Մատթէոս աւետարանիչին նպատակն է, ոչ միայն հաստատել որ Յիսուս Աստուած է, երկինքէն իջած է,

Սուրբ Հոգիէն յղացած, Սրբուհի Կոյս Մարիամէն ծնուած է, ցոյց տալու համար, որ Յիսուս Աբրահամին եւ Դաւիթին որդին է: Որովհետեւ, ան որ ընթերցողներուն ըսել կ'ուզէ, որ Յիսուս Քրիստոսն է որ գտան. «Ան՝ որուն մասին գրած են Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները, Յիսուսը, Յովսէփի որդին, Նազարէթէն» (Յովս. 1. 45), ինչպէս Փիլիպպոս Նաթանյէլին կը ներկայացնէ: Ինչո՞ւ համար կարեւոր է: Որովհետեւ Մատթէոս մաս կը կազմէ ժողովուրդի մը՝ որ պատմութեան մէջ խարիսխուած է եւ դէպի ապագան դարձած է: Տիրոջ կողմէ ընտրուած ժողովուրդն է, որուն հետ նոյնինքն Տէրը դաշինք կնքեց, այսինքն յատուկ կապ մը երկուքին միջեւ: Եւ Տէրը գեղեցիկ եւ հրաշալի խոստումներ կատարեց իրենց համար, ով, իրականութեան մէջ կ'իրականացնեն

Յիսուս Քրիստոսով, զարմանալի եւ անսպասելի կերպով, բայց ոչ նուազ իրական: Երբ պիտի հասկնանք որ մեր Տիրոջ մտածումներն ու ճամբաները տարբեր են մերիններէն, մարդկային եւ սահմանափա՞կ(Ես. 55. 8-9): Միայն Յիսուս Աբրահամէն սերելով է, այսինքն իսրայէլի ժողովուրդին մաս կազմելով եւ Դաւիթի ցեղէն սերելով է, որ կրնայ միայն Աստուծոյ խոստումները կատարել իր ժողովուրդին համար: Տէրը իր խոստումին հաւատարիմ է: Յիսուս՝ Աստուած մեզի հետ է, Էմմանուէլը: Նաեւ կրնանք նկատել, որ այս ազգաբանութեան մէջ, մարդոց դերը կ'ընգծենք. «Ազովր ծնաւ Սադովկ, Սադովկ ծնաւ...»: Բացի Յիսուսի պարագային, ուր՝ այս անգամ, մօրը կը տեղեկանանք. «Յովսէփի, Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս»: Աւետարանիչը այստեղ կը նշէ ի տարբերութիւն այլ ծննդաբանութիւններուն, ուր՝ հայրը ուղղակի կատարողն է, որ Յովսէփ Յիսուսին հայրը չէ, որովհետեւ Մարիամին ամուսինն է: Առաջին կապը զորս կայ Մարիամին եւ Յիսուսին, մօրը եւ որդիին: Քանզի Յովսէփ մօրը կ'ամուսնանայ եւ կը դառնայ փոքրիկին հայրը, որովհետեւ այս յղացումը Աստուծոյ հրաշալի գործն է: 

Տէր, դարձիր ինծի եւ ես կը դառնամ, բժշկէ ինծի եւ ես կը բժշկուիմ: Իմ կեանքը տկար է մինչեւ մահ առանց քեզի: Եղիր իմ փրկիչը եւ իմ էութեամբ Քեզ պիտի փառաբանեմ: Ամէն օր վայրկեան մը առնել այսօրուընէ մինչեւ Ծնունդը երկրպագելու համար (նոյնիսկ եթէ Ս. Պատարագի երկրպագութիւն) Աստուած Էմմանուէլը որ կուգայ առ իս:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 08:20