Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Ապաշխարութեան շնորհքը

Տէր Յիսուս, տուր ինծի ամենօրեայ սիրոյդ դառնալու շնորհքը:

«Յովհաննէս մատնուելէն ետք, Յիսուս Գալիլիա եկաւ, կը քարոզէր Աստուծոյ Աւետարանը, ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին»: (Մարկոսի 1. 14-15):
Տէր Յիսուս, տուր ինծի ամենօրեայ սիրոյդ դառնալու շնորհքը: Մարկոսի Աւետարանին մէջ, Փրկչին նամակը հետեւեալն է. Աստուծոյ դառնալ: Ասիկա կրնայ ըլլալ բարոյաւորիչ բայց վերջապէս, ի՞նչ է սրտանց դառնալը: Այսինքն մեր սրտերը կրկին եւս Տիրոջ ուղղելն է եւ իր սէրը՝ մեզի: Ասիկա իսկ, անկասկած, իր մէջ կը պարունակէ մեր կեանքի մէջ ետ դառնալը գէշէն եւ մեղքէն, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ վերջնական նպատակը մեզ համար, մեզի Տիրոջ սիրոյ տրամադրութեան տակ դնելն է: Մեղքը մեզի Տիրոջ սէրէն ետ կը պահէ, զորս ամէն օր մեզի համար ներկայ է:
Իրականութիւնն այնն է, որ Փրկիչը դարձի կանչելով, մեզի կը սկսի օգնել, հասկցնելու համար որ դարձի աշխատանքը իւրայատուկ բան մը չէ մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ, բայց լաւ ներուժային մը որ մեր ամենօրեայ կեանքին մէչ կ'արձանագրուի: Անշուշտ՝ մեր կեանքին մէջ կան դարձի զօրաւոր եւ արմատական վայրկեաններ. օրինակ՝ երբ աղօթքի կը վերադառնանք, խորհուրդներուն կամ հաւատքի, երբ ժամանակ բացակայութենէն եւ կամ առաջին անգամ մեր Փրկիչը մեր կեանքին մէջ կը գտնենք: Բայց կան նաեւ ամենօրեայ փոքրիկ դարձի առիթներ, երբ ես, իմ օրուայ ընթացքին, աղօթելու համար լռութեան հետք կը թողում, եւ կամ՝ փորձութեան մը կը դիմադրեմ ճիշդն ընելու համար ու Տիրոջ աչքին համար՝ լաւը: Դարձի գալու համար յատուկ մեծ առիթներու չսպասենք, բայց օգտուինք այս փոքրիկ առիթներէն ուր՝ մենք կրնանք նորէն ըսել այս մեր Տիրոջ, Իր կամքը կատարելու մեր առօրեային մէջ:
Աւետարանը մեզի կը խօսի ինչպէս առաջին կանչը մեր Տիրոջ՝ իր առաքեալներուն: Անկասկած Սիմոնին եւ Անտրէին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին համար էր այս զօրաւոր վայրկեանը եւ իրենց կեանքը ի կատարումն հասցնելով: Մեր Տիրոջ հետ մեր հանդիպումը մեզի երբեք անյոգ պէտք չէ թողու: Մեր սիրտն ու կեանքը Յիսուսի սրտին բացուին եւ ինք մեզ կ'օգնէ մահացու մեղքերուն դէմ պայքարելու: Նոյնիսկ եթէ օրուայ պարագաները չեն փոխուիր վաղուան, մեր ակնոցով զանոնք տեսնելու եւ անոնց դէմ յանդիման գալու: Մենք կրնանք վստահութեամբ եւ յոյսով ապրիլ, որովհետեւ Տէրը այստեղ է մեր կողքին: Թողունք, որ Տէրը մեր կեանքի մակոյկին մէջ մտնէ:
Տէր Յիսուս, ես իսկապէս բախտն ունիմ: Շնորհքը ստացայ իմ կեանքիս մէջ Քեզ հանդիպելով, Քեզ ճանչնալով եւ Քեզ սիրելով: Դուն ինձ օգնեցիր որպէսզի մեծնամ, փոխուիմ: Անկասկած տակաւին պէտք է յառաջ երթամ, բայց Քեզի կը վստահիմ: Օգնէ ինծի՝ իմզինքս ուղղելու համար ըստ իմ կեանքի պայմաններուն եւ ծառայեմ Քեզի՝ ինչպէս առաքեալները: Ըսէ ինծի, Տէ՛ր, ինչ որ կրնամ ընել Քեզ համար, Քեզ սիրել եւ Քեզ ծառայել: Իմ այս օրուայ կեանքէս օգտուիմ դարձի վայրկեան մը ապրելու համար, լռութիւն մը՝ աղօթելու համար, փորձութիւն մը՝ յաղթահարելու, ծառայութիւն մը մէկու համար ընելու Տիրոջ սիրոյն համար:
 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 08:51