Որոնել

Գերապայծառ Փեերպաթիսթա Փիցցապալլա Գերապայծառ Փեերպաթիսթա Փիցցապալլա 

Սուրբ Երկիր. Գերապայծառ Փիցցապալլա «Կանչուած ենք խաղաղութիւնը պաշտպանելու:

Գերապայծառ Փիցցապալլա յորդորած է իսկական դիւանագէտներ դառնալ, Երուսաղեմ քաղաքը կառուցող արուեստագէտներ, սկսելով յետիններէն, մեր հասարակութիւններէն եւ բնակարաններէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 յունուարին, խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Երուսաղեմի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ անդրադառնալով համաշխարհային խաղաղութեան օրուան իմաստին, ակնարկեց Աստուծոյ Արքայութեան եւ քաղաքականութեան գործընթացին միջեւ գոյացուած սերտ կապին՝ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամէն:

«Պէտք է, որ բացայայտ կերպով ու ազատօրէն խօսիլ արդարութեան եւ խաղաղութեան պաշտպանութեան մասին, հասնելով մեր քաղաքներուն պատասխանատուներուն սիրտերուն, անոնց ու իւրաքանչիւր քաղաքացիին մէջ հրահրելով Աստուծոյ արքայութեան հանդէպ փափաքը, սէրն ու երազանքը» ըսած է Գերապայծառ Փիացցապալա որ ապա դիտել տուած է , որ մինչեւ այսօր, Սուրբ երկրի ու տարածաշրջանին մէջ ապարդիւն մնացած են ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ տեղի ունեցած բանակցութիւնները, չեն իրականացուած խաղաղութեան հռչակուած ծրագիրները եւ հակամարտութիւնները դարձած են կեանքի համակարգի մասնիկ մը ինչպէս նաեւ մեր օրերուն մտածելակերպը:

Ան ապա յորդորած է իսկական դիւանագէտներ դառնալ, Երուսաղեմ քաղաքը կառուցող արուեստագէտներ, սկսելով յետիններէն, մեր հասարակութիւններէն եւ բնակարաններէն:

Գերապայծառ Փիացցապալլա քաջալերած է հուսկ շարունակել հաւատալ քաղաքական մարդոց՝ հակառակ բոլոր ձախողութիւններուն, դիտել տալով որ կարիքը կայ քաղաքագէտներու, այսինքն այն անձերուն, որոնք կ՝ուզեն իրենց կեանքը սպառել քաղաքները զարգացնելու համար: Ան յորդորած է մեր հայեացքը սեւեռել Բեթղեհեմի Մանուկին վրայ, որպէսզի մեր քաղաքներուն՝ կառուցողները դառնալու քաջութիւնն ու ուժը անցնին դիւրաբեկ Մանուկի խոկումէն, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն սէրէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2019, 11:55