Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացին եւ Եգիպտոսի Սուլթանը Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացին եւ Եգիպտոսի Սուլթանը 

Տօնակատարութիւններ. Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին, Եգիպտոսի Սուլթանին հետ ունեցած հանդիպումի 800 ամեակի առթիւ:

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի քաջ ձեռնարկը՝ որուն միակ նպատակն էր յարգանքի զէնքով մօտենալ մահմետականներու, լոկ ուղին է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ համերաշխութեան կերտումին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

800 տարի առաջ՝ 1219 թուականին, խաչակիրներու կողմէ մղուած բուռն պատերազմներու ժամանակ, Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզզացին վճռեց ճակատ իջնել՝ խաղաղութեան խթանման նպատակով , այն ժամանակուան՝ Օնորիօ Գ Սրբազան Պապին օրհնութեամբ:

Գահիրէէն ոչ շատ հեռու, Տամեթա քաղաքին մէջ, Սուրբը հանդիպում ունեցաւ Մալիք Ալ Քամիլ Սուլթանին հետ , ւետարանին եւ Քուրանին միջեւ հանդիպում կազմակերպելու նպատակով:

Փաքիստանի մէջ համամիութենական եւ միջ-կրօնային երկխօսութեան յանձնախումի եւ Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Նախաձեռնութեամբ Փաքիտսանի մէջ յատուկ տօնակատարութիւններով կը նշուի վերոյիշեալ պատմական դէպքի 800 ամեակը, նպատակ ունենալով տարածել հանդուրժողութեան, բարեկամութեան տիեզերական պատգամը եւ խաղաղութեան ի սպաս հասարակաց յանձնառութիւնը:

Փաքիստանի Լեհոր քաղաքին մէջ երկխօսութեան նուիրուած յատուկ ձեռնակին իրենց մասնակցութիւնը բերին ի շարս այլոց, Լեհոր թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Սեպաստթաին Շովին- Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Հայր Ֆրանսիս Նատեմ Փաքիստանի Քափուչին եղբայրներուն պահակը, ֆրանչիսկեան միաբանութեան քոյրերը քահանաները, հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ աշխարական մահմետական կրօնի մասնագէտներ :

Յիշեալ ձեռնարկի սկիզբը ցուցադրուեցաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացցինն Եգիպտոսի Սուլթանին հետ հանդիպումի իւղաներկը: Ապա այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ հայր Նատիմ յարեց թէ երկու ղեկավարները՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը եւ Ալ Քամի Սուլթանը, խաչակիրներուն պատերազմի ժամանակ պաշտպան կանգնեցան խաղաղութեան եւ հանդուրժողութեան : Անոնք օրինակ հանդիսացան միջ-կրօնային երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումին.

Հուսկ Լեհոր թեմի Արքեպիսկոպոսը իր արտասանած խօսքի մէջ քաջալերեց ներկաները խաղաղութեան դեսպաններ դառնալու . ներշնչուելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացցիէն եւ Սուլթանէ. որոնց ապրած ժամանակաշրջանին, խաղաղութեան մասին խօսելը գրեթէ անկարելի էր ըսաւ Ան:

Ձեռնարկի աւարտին Հայր Նատիմ յայտարարեց թէ 2019 Սուրբ ֆրանչիսկոսի Եգիպտոսի սուլթանի հետ հանդիպումի 800 ամեակի տօնակատարութիւնները պիտի նշուի համայն Փաքիստանի մէջ, տարբեր ձեռնակներով. Պիտի կազմակերպուի մանուկներու երիտասարդներու եւ համալասրանական աշակերտներու համար գիտաժողովներ ներգրաւելով միշտ մահմետական եւ քրիստոնեայ երիտասարդներ :

Հայր Նատիմ հաստատեց թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի քաջ ձեռնարկը՝ որուն միակ նպատակն էր յարգանքի զէնքով մօտենալ մահմետականներու, լոկ ուղին է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ համերաշխութեան կերտումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 12:41