Ֆրանչիսկոս Պապը  Հռոմի անկլիքան հասարակութեան այցելութեան ժամանակ: Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի անկլիքան հասարակութեան այցելութեան ժամանակ:  

Համամիութենական հանդիպում Անկլիքան եւ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն միջեւ:

Համամիութենական հանդիպումի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 50 եպիսկոպոսներ՝ բաղկացած 25 Անկլիքան եւ 25 կաթողիկէ եպիսկոպոսներէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եկեղեցիներուն միութեան աղօթքի շաբաթ՝ ձեռնարկի ծիրէն ներս Անգլիոյ «Լէյչեսթեր» քաղաքի մէջ 16-էն-17 յունուար 2019-ին, կը մեկնարկէ Անկլիքան եւ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն միջեւ աւանդութիւն դարձած համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպումը «Հոգեւորականութիւն, Աստուածաբանութիւն եւ համակեցութիւնը» կարգախօսով:

Յիշեալ համամիութենական հանդիպումի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 50 եպիսկոպոսներ՝ բաղկացած 25 Անկլիքան եւ 25 կաթողիկէ եպիսկոպոսներէ:
Յայտնենք, թէ յիշեալ հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ ամէն 2 տարի անգամ մը, որ «առիթ կը հանդիսանայ ՝յարգանքի բարեկամական եւ գործակցութեան յարաբերութիւններ մշակելու» այս մասին յայտնած է «Քրիստոնեաներուն միութիւն կոմիտէի համամիութենական յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար՝ վերապատուելի Ժերեմի Վորթենը:

Հանդիպումի ծիրէն ներս տեղի կ՝ունենան բանակցութիւններ, ծիսական արարորղութիւներ եւ աղօթքի պահեր, ինչպէս նաեւ քննարկումի նիւթ կը հանդիսանայ «Միասին ընթանալ ուղիին վրայ» երկու եկեղեցիներէ բաղկացած միասնական յայտարարութիւնը:

Համամիութեան հանդիպումը սկիզբ կ՝առնէ չորեքշաբթի 16 յունուարին՝ Լեյչեսթեր քաղաքի Մայր տաճարին մէջ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան եպիսկոպոսներուն միասնական աղօթքով:

Յաջորդը օրը՝ 17 յունուարին, կաթողիկէ եպիսկոպոսները համապատարագ կը մատուցանեն քաղաքի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Խաչ անուան վանքին մէջ, ապա կէսօրին, տեղի կ՝ունենայ հանդիպումի եզրափակիչ աղօթքի արարողութիւնը կատարողութեամբ Անկլիքան Եկեղեցւոյ կողմէ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 12:09