Որոնել

«Գերմանիկ» սրահին մէջ  ոգեկոչական պատշաճ ձեռնարկ «Գերմանիկ» սրահին մէջ ոգեկոչական պատշաճ ձեռնարկ  

Մարաշի Աղէտի փառապանծ նահատակներու յիշատակին աղօթք եւ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

«Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ, Նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար» Աւետիք Իսահակեան:

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը` հաւատարիմ իր աւանդութեան եւ պանծացնելու համար իր նահատակներուն սուրբ յիշատակը, Մարաշի աղէտին 99-րդ տարելիցին առիթով այս տարի եւս հրաւիրեց իր հայրենակիցները մասնակցելու Ս. պատարագի զոհին, պաշտամունքի եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին` Պուրճ Համուտի համանուն Նոր Մարաշ թաղամասի հայ երեք յարանուանութիւններու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ:

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, հայրենակիցները համախմբուեցան միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչական պատշաճ ձեռնարկ:

Ունկնդրէ լուրը


Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան իր խօսքը արտասանեց: Ան խօսեցաւ աշխարհի ստեղծագործութեան մասին եւ ըսաւ, թէ մարդը սայթաքեցաւ, անով իսկ կորսնցուց իր հոգեւոր, մարմնաւոր եւ բարոյական առաքինութիւնները: Սակայն ամենաբարին Աստուած վերականգնեց Ճշմարտութիւնը, խոստացաւ փրկել մարդկութիւնը, ծրագրեց, իրականացուց եւ յարուցեց Իր Միածին Որդիին միջոցով: Վարդապետը անդրադարձաւ նաեւ հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած արշաւանքներուն եւ նշեց, որ երբ Կեդրոնական Ասիոյ խորքերէն թուրքերը արշաւելով հասան հայկական Կիլիկիոյ տարածքներն ու մեր սիրելի Մարաշը, փորձեցին բնաջնջել հայ ժողովուրդը, երբ անոնք ասպատակեցին մեր հողերը եւ մեզի տեղահան ըրին:

Ապա ան խօսեցաւ Մարաշի աղէտին մասին եւ ըսաւ, թէ 99 տարիներ անցան այդ աղէտալի իրողութենէն, երբ Օսմանեան կայսրութեան շարաւիղները որոշեցին մէկ ընդ միշտ վերջ դնել ազգի մը գոյատեւման փաստին: Գաղափարախօսութիւն մըն էր, որ ծրագիրի վերածուեցաւ եւ ծրագիրը իրագործումի դրուեցաւ, լուրը` մահուան հագուստ հագած կը շրջէր ամէնուր` հայկական գաւառները, մայրաքաղաքին հայկական թաղամասերը, գուժելու եւ մահուան կնիքը դրոշմելու իրենց բնակարաններուն ճակատը:

Որո՞ւ պիտի բնաջնջէին, ժողովուրդի մը, որ հաւատարիմ էր Քրիստոսի հաւատքին: Գողգոթայի ճանապարհ մըն էր, որ կը սկսէր Գառն Աստուծոյ ազգի զաւակներուն: Կարաւաններ կը քալէին, ժամեր, օրեր, ամիսներ, անօթի ծարաւ: Գազանը հրապարակի վրայ էր, իրեն հետ ունենալով երամ մը դահիճներ, կը զարնէին, կը փշրէին, կը ջարդէին սակայն չէին կարենար Քրիստոսի շունչով մկրտուած հայ մարաշցի հոգիները անդունդ ղրկել: 

այ ազգն ու մարաշցին կառչած խաչին կը քալէին իրենց Ուսուցիչին ճանապարհէն: Ճանապարհ մը, որ նեղ արահետ մըն էր, որուն մէջ ցաւ կար, չարաչարանք, հալածանք, զրկանք… սակայն վերջաւորութեան յարութեան դափնեպսակը զիրենք կը սպասէր յաղթական: Ապա հայր Ղազար ուրուագիծ մը գծեց ներկային եւ անցեալին միջեւ եւ ըսաւ, թէ հակառակ վիրաւոր Մարաշին, սակայն հեռուներէն սկսան լսուիլ շարականներու մեղեդիներ, հայկական եկեղեցիներու զանգի ղօղանջներ, հայոց լեզուի գեղեցկութիւնը. այս սպանդէն մազապուրծ եղած մարաշցի հայերն էին, որոնք 99 շնորհքի տարիներ ապրեցան, 99 փառքի տարիներ, մոխիրէն ծնան եւ կրցան Քրիստոսի յաղթական դրօշով շինել եկեղեցիներ, դաստիարակել սերունդներ` հայկական վարժարաններ կառուցելով, զարգացնել եւ Քրիստոսին պատկանելիութեան հետքը ձգել իւրաքանչիւր ոչ քրիստոնեայի, որուն հանդիպեցան, իրենց բարի վարքովը, ուրախ առիթներու մասնակցեցան, կոչուեցան «հաւատարիմ մարաշցիներ», ինչո՞ւ, որովհետեւ ճշմարտութեան հաւատարիմ վկաները ուզեցին մնալ` ժառանգելով իրենց պապերէն լոյսի որդիներ ըլլալու կոչումը, տեսնելով յարուցեալ Քրիստոսին լոյսը: Լոյս մը, որ կը շողայ եւ խաւարը կը չքացնէ, որովհետեւ իմացած էին երկու էական բաներ:

Ա) Հետեւիլ յարուցեալ Քրիստոսին կեանքի կանչող պատգամներուն եւ վկայել ճշմարտութեան:
Բ) Հետեւիլ քայլ Վահանի նուարսակեան եւ միասնականութեան պատգամին:
Պատգամներ, որոնք յղացան վսեմ մարդիկ, մարդացած Աստուած եւ ազգային հաւատարիմ մարտիկներ:
Վարդապետը իր խօսքը եզրափակեց եւ մէջբերեց Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կարդինալ Աղաճանեանի մտածումը. «Ամէն մէկ հայ մասնիկ մըն է հայրենիքէն»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վերջ գտաւ Մարաշի աղէտի ոգեկոչման ձեռնարկը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 08:10