Յիսուս Ժողովարանին մէջ Յիսուս Ժողովարանին մէջ 

Ծիսական գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Յայտնութեան «27 Յունուար- 3 Փետրուար»:

2 Փետրուարին , տօնն է տեառնընդառաջի. Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։

Կիրակի օր` Լսեցինք աւետարանին մէջ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։

Երկուշաբթի 28 Յունուարին, տօնն է Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւատքին մէջ հաստատուն մնալուն համար։

Երեքշաբթի 29 Յունուարին` կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը. Ան Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։
Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս, Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։

Հինգշաբթի 31 Յունուարին ` տօնն է Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Պապին, որ Կոստանդիանոս Ա. Կայսեր օրով կը պաշտօնավարէր. Ան բախտը ունեցաւ ազատ քրիստնեայ աշխարհի մը վրայ հայրապետ դառնալու եւ կայսեր հովանաւորութիւնը վայելելու։ Ըստ աւանդութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ հայոց թագաւորը Հռոմ կու գան հանդիպելու Կոստանդին կայսեր եւ Սրբազան քահանայապետին։

Շաբաթ` 2 Փետրուարին , տօնն է Տեառնընդառաջի. Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Կիրակի 3 Փետրուարը՝ Յայտնութեան Դ. Կիրակին է։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2019, 09:18