Որոնել

Տ.Մ.Յ.Ք. Մկրտութեան սրբապատկերը Տ.Մ.Յ.Ք. Մկրտութեան սրբապատկերը 

Ծիսական գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Յայտնութեան «20- 27 Յունուար 2010»:

Կամ լոյսին հետ պէտք է ըլլալ, մնալու համար ճշմարտութեան մէջ, եւ կամ` անկէ հեռու մնալով` խաւարին մէջը կորսուիլ յաւիտենապէս։

Կիրակի օրուայ աւետարանը կը խօսի նախ մկրտութեան կարեւորութեան մասին, եւ ապա` Յիսուսի աստուածային ծագումին մասին՝՝ ՙՈչ ոք ելաւ երկինք եթէ ոչ` այն որ երկքէն իջաւ, Մարդու Որդին՝՝։ Կը յայտնէ Յիսուս այս զարգացած եւ բարեպաշտ մարդուն թէ ինչպէս կարելի է ընդունիլ յաւիտենական կեանքը. Միակ գլխաւոր պայմանն է հաւատալ Մարդու Որդիի ուսուցումին եւ հետեւիլ անոր վարդապետութեանը։
Լոյսի եւ խաւարի մասին Քրիստոսի տուած մեկնաբանութիւնը տարակոյս չի թողուր ճշմարիտ կողմնորոշումին մասին զոր ամէն անհատ պարտի որդեգրել. Կամ լոյսին հետ պէտք է ըլլալ, մնալու համար ճշմարտութեան մէջ, եւ կամ` անկէ հեռու մնալով` խաւարին մէջը կորսուիլ յաւիտենապէս։
Նիկոդեմոս որքանո՞վ կրցաւ հասկնալ Քրիստոսի այս պատգամը, յայտնի չէ, սակայն անոր խօսքերը խորապէս տպաւորեցին զինք։
Երկուշաբթի 21 Յունուարին`Տօնն է Սուրբ Կիրակոսի ու անոր մօր Յուղիտայի։ Անոնք քրիստոնեայ ըլլալով` փախան քաղաքէ քաղաք եւ ի վերջոյ ապաստանեցան Տարսոնի մէջ. Սակայն հոն եւս հասան հալածանքները եւ մայր ու զաւակ նահատակուեցան յետ անողոք չարչարանքներու, 304 թուականին։
Երեքշաբթի 22 Յունուարին, մեր հայազգի մեծ սուրբերէն` Սուրբ Վահան Գողթնացիի տօնն է։ Ան փոքր տարիքին` գերի բռնուեցաւ Արաբներու կողմէ 707 թուին եւ Դամասկոս տարուեցաւ, ուր մեծցաւ Խալիֆայի պալատին մէջ եւ դարձաւ դիւանապետ։ Շատ սիրուեցաւ իր շրջապատէն. Սակայն երբ նոր խալիֆա մը եկաւ եւ արտօնեց որ բոլոր հայ գերիները դառնան իրենց տուները, ինք եւս մեկնեցաւ Հայաստան եւ հոն` ճանչնալով քրիստոնէութիւնը, դարձի եկաւ ու մկրտուեցաւ. Ամուսնացաւ ու զաւակներ ունեցաւ, բայց որովհետեւ խօսք տուած էր խալիֆային վերադառնալ Դամասկոս, ետ դարձաւ Սուրիա եւ մերժելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը, նահատակուեցաւ, այսպէսով արժանանալով իր հօրը` Խոսրովի մարտիրոսական պսակին, 737 թուին։
Հինգշաբթի 24 Յունուարին տօնն է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու. Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։ Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ. Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373-ին, Աղեքսանդրիա։ Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը, հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանրիա։
Շաբաթ 26 Յունուարին` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Աստուածաբան անունով, իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան պատճառաւ։ Ծնած է 330-ին, Արիանզ գիւղը եւ բաւակն ուսումներ ստանալէ ետք` 371-ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի. Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով` կը հրաժարի եւ կը քաշուի իր քաղաքը, ուր եւ կը վախճանի 390 թուին։
Կիրակի 27 Յունուարը՝ Յայտնութեան Գ. կիրակին է։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 08:11