Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողով 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի կոչը՝ կառավարութեան կազմութեան ի

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը վերստին արծարծեց պարկեշտ փորձագէտներէ կազմուած սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնը,

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ապրուստի եւ կենցաղային դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրին միջազգային յանձնառութիւններուն ի տես, պէտք է քաղաքական ու ոչ քաղաքական խոչընդոտները շրջանցել եւ կառավարութիւն մը կազմել ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը վերստին արծարծեց պարկեշտ փորձագէտներէ կազմուած սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնը, որուն մասին Ռայի պատրիարք առաջարկած էր:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արդար նկատեց լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ տնտեսական իրավիճակին դէմ կատարուող բողոքի ցոյցերը` նկատի ունենալով, որ լիբանանցիին գնելու կարողութիւնը սահմանափակուած է, իսկ փակուող հաստատութիւններուն եւ ընկերութիւններուն պատճառով մեծ թիւով լիբանանցի ընտանիքներ լուրջ տագնապի մէջ են, որովհետեւ անգործութիւնը օրէ-օր աւելի տիրական կը դառնայ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 08:46