Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Սուրբ Երկրի մէջ ուխտաւորներ՝ Իսրայէլի քրիստոնեաներու կողքին:

2019 թուականի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան բնաբանն է «Քրիստոնեաները Իսրայէլի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

1998 թուականէն ի վեր, ամէն տարի, Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսցաց համահաւաք դասերու ներկայացուցիչներէ բաղկացած «Սուրբ Երկրի համակարգում» կազմակերպութեան կղերականները, ուխտագնացութին կը կատարեն Սուրբ Երկիր՝ ՝զօրակցելու համար Սուրբ երկրի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, եւ վերանորոգելու համար եղեկեղցիներու հետ բարեկամական եւ զօրակցական կապերը:

Յիշեալ կազմակերպութեան 2019 թուականի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան բնաբանն է «Քրիստոնեաները Իսրայէլի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ». Ուխտագնացութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը հանդիսանան Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաները, որոնք ըստ վերջին տուեալներուն կը հաշուեն 175 հազար հոգի եւ որոնց 70 տոկոսը կը բնակին Երկրի Հիւսիսային շրջանին մէջ: Անոնք իսրայէլի բնակչութեան 2 առ հարիւրն են։

«Սուրբ Երկրի համակարգում» կազմակերպութեան կղերականներու, 11-17 յունուար 2019- Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան այս տարուան յայտագիրը կ՝ընդգրկէ այցելութին Երուսաղեմ եւ Հայֆա քաղաքներուն ինչպէս նաեւ Յորդանանին եւ Իսրայէլի կարգ մը քաղաքներ՝ Ժենին, Իքրիթ Քաղաքները:

Նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ կաթողիկէ եւ հրեայ հասարակութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ մահմետական կրօնապետերուն եւ պետական իշխանութիւններուն հետ: Սուրբ Երկիր մէջ կղերականներուն կ՝ընկերակցին՝ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու Գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա եւ Գերապայծառ Լեոբոլոտօ Ժիրելլի՝ Պաղեստինի եւ Երուսաղեմի մէջ առաքելական պատուիրակը:

Սուրբ Երկրի համակարգում»ի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան իր մասնկացութիւնը բերող Գերապայծառ Ռոտլոֆօ Չեթոլոնի, Վատիկանի Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Խօսելով յիշեալ ուխտագնացութեան կէտնպատակին մասին յայտնեց թէ իրենց նպատակն է այցելել Սուրբ Երկրիէն մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնները, այցելել Յիսուսի ապրած վայրերը եւ նպաստել եւ խթանել Սուրբ Երկրի մէջ ճամբորդութիւնները: Անոնք Սուրբ երկրի Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ կը կիսեն աղօթքի պահեր եւ ուխտագնացութեան նպատակը քաղաքական չէ այլ եղբայրական հանդիպումներ ունենալն է տեղական իշխանութիւններու եւ հրեայ հասարակութիւններուն հետ ըսած է Գերապայծառ Ռոտլոֆօ Չեթոլոնի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 10:24