Որոնել

Անթիլիասի Մայրավանքը Անթիլիասի Մայրավանքը 

«Հայ Մամուլի Տարուան» նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի ընթերցում

2019 տարին Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուեցաւ «Հայ մամուլի տարի»:

2019 տարին Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուեցաւ «Հայ մամուլի տարի»: Արդարեւ, կիրակի, 12 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի վեհափառ հայրապետին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Կոնդակին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ.

-      Թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն` հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

-       Հայաստանի մէջ պետական, իսկ սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն` գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին` շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը:

-      Ունեւոր ազգայիններուն` հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու` հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման համար:

Արամ Ա ապա կը հաստատէ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու՝ գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն, յատկապէս սփիւռքի մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը հուսկ կոչ կ՛ուղղէ Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` հեռու մնալու կայքերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ` բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 08:13