Պատերազմ Պատերազմ 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. «Ո՞ւր Թաքցնել Ատելութիւնը»։

Ատելութեան դիմաց դրուող յարմարագոյն հականիշը ներողամտութիւնն է, որ Աւետարանին մէջ արձանագրուած, Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումներէն մէկն է

Բացատրութեան չի՛ կարօտիր այն խօսքը, որ կ՛ըսէ թէ նախանձն ու ատելութիւնը աշխարհը պիտի կործանեն: Այստեղ «աշխարհ» ըսելով, բնականաբար արեւին շուրջ դարձող մոլորակներն ու աստղերը չենք հասկնար, ո՛չ ալ աստուածաստեղծ անջրպետը, այլ մարդկային կեանքը, որուն «առողջութիւնը», իր փոխյարաբերական դրութեան ճշգրիտ ընթացքէն կախեալ է:

Մարդիկ կը խրտչին իրենց նկատմամբ ատելութիւն ունեցող անձերէ: Այդ ատելութեան պատճառը իմանան կամ ոչ, սովորական մարդիկ զզուանք կ՛արտայայտեն այն անձերուն հանդէպ, որոնց ներկայութիւնն իսկ ատելութեան երեւոյթին համազօր է իրենց շրջապատին մէջ:

Ատելութեան դիմաց դրուող յարմարագոյն հականիշը ներողամտութիւնն է, որ Աւետարանին մէջ արձանագրուած, Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումներէն մէկն է: Սակայն, ընդհանրապէս այդ հականիշին մօտենալու դժուարութիւն ունին մարդիկ, որովհետեւ ինքնասիրութիւնը եւ սեփական դատողութեան միշտ ճիշդ ըլլալու զգացումը կը խեղդէ ճշմարտութեան ձայնը:

կայ նաեւ՝ ատելութեան ինքնածին տեսակը, անիկա անբացատրելի կը մնայ բարոյագիտական տեսակէտէ, որովհետեւ արտաքին խնդիրի մը կապուած չ՛ըլլար անիկա, այլ անորոշ պատճառէ մը կը պատճառուի: Հոգեբաններ նման կացութիւններու հաւանական բացատրութիւններ կու տան, անշուշտ միշտ ենթադրութիւններու լպրծուն գետնին վրայ սայթաքելով: Անոնցմէ ոմանց կարծիքը այն է, թէ ինքնածին ատելութիւն ունեցողներ ընդհանրապէս դիմացի անձին արտաքինէն ազդուած ատելութիւն կ՛արտայայտեն: Այս պատճառը հիմնաւորող քանի մը երեւոյթներ կը մատնանշեն անոնք, իբրեւ ատող անձին միտքը պղտորող մտածումներ, որոնց հետեւանքով ինքնածին ատելութեան երեւոյթը ի յայտ կու գայ. ա¤ իրենց դիմաց գտնուող անձին չափազանց գեղեցկութիւնը, կամ բ¤ անոր չափազանց տգեղութիւնը, եւ գ¤ այդ անձին գիտակ ըլլալը:

Արգահատանքի այս քանի մը պատճառները ամբողջութեամբ չեն արդարացներ անշուշտ հիմնական այն երեւոյթը, զոր ինքնածին ատելութիւն կոչեցինք: Որովհետեւ կան շա՜տ տգեղ մարդիկ, որոնք բոլորին սէրն ու յարգանքը, ինչպէս նաեւ խնամքն ու հոգատարութիւնը կը վայելեն: Տգեղութիւնը պատճառ մը չէ՛ որ արգահատանք արտայայտուի անոնց անձին նկատմամբ: Ընդհակառակը, երբեմն ֆիզիքական տգեղութիւնը իր մէջ ունի ձգողական ոյժ մը, որուն հանդէպ գութի խորագոյն եւ ազնուագոյն զգացումը կ՛ունենան բարձր անհատականութեան տէր անձեր:

Չափազանց գեղեցկութեան մասին ալ կարելի է նոյնը ըսել, թէեւ ոմանք կրնան հակառակիլ՝ ըսելով, որ գեղեցկութիւնը անպայման ձգողական ոյժ ունի, բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելու բնատուր կարողութեամբ: Ւնքնածին ատելութիւն ունեցողները չափազանց գեղեցկութենէն կը խորշին, միշտ մտածելով թէ նման գեղեցկութեան տէր անձերը իրենցմէ աւելի լաւ ներկայութիւն են ընկերութեան կեանքին մէջ: Ուրեմն, չհանդուրժելով անոնց գեղեցկութեան, ինքնածին ատելութեամբ հիւանդ հոգիներ կ՛ատեն չափազանց գեղեցիկները:

Ինքնածին ատելութեամբ վառուած անձերէն բացի, «բնական» ատելութեամբ տառապողներ ալ կան: Այսինքն անոնք, որոնք մասնաւոր կացութեան մը հետեւանքով կը սկսին ատելու իրենց նմանները, եւ մանաւանդ՝ չեն կրնար ներել անոնց:

Կրօնական, աւելին՝ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը բացարձակապէս ներումին վրայ կը դնէ շեշտը: Քրիստոսի պատուիրաններուն հոգեւին հետեւողներն անգամ կը խոստովանին, որ ներումը դժուար իրագործելի արարք մըն է։

Բարեպաշտ անձերու համար սոյն կացութիւնը իրօք կը վերածուի անասելի տառապանքի, որովհետեւ, մէկ կողմէ, եթէ աղօթքի միջոցաւ կը փորձեն խաղաղեցնել իրենց հոգին, միւս կողմէ, յիշողութեան ցաւը կը մղկտացնէ սիրտը, յիշեցնելով վիրաւորանքն ու կոտտացնելով չսպիացող վէրքը: Ատելութիւնը փուշի պէս իր սրածայր թեւերը կը խրէ միտքի իւրաքանչիւր մասին մէջ, արթնցնելով թշնամութիւնը եւ բորբոքեցնելով վրէժխնդրութիւնը:

Ատելութիւնը թաքստոց չունի:

Զայն վերջնականապէս արմատախիլ ընելով միայն մարդ կը փրկուի անոր գերութենէն: Այլապէս, նոյնիսկ բարեպաշտութեամբ ճանչցուած ու աղօթասացութեամբ հզօրացած կեանք մը, փրկութեան չի՛ կրնար առաջնորդել մեղաւորը:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2018, 10:22