Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Սուրբ Երկրի Պահակ. «Յիսուս Մանուկ մարդկութեան գիշերը կը լուսաւորէ»։

«Թող որ Բեթղեհէմի մանուկին լոյսը մուտք գործէ բոլորի խիղճերու ու կեանքին մէջ, թող որ անոր լոյսը լուսաւորէ բոլոր ազգերը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մանուկ Յիսուսը կը շարունակէ լուսաւորել իւրաքանչիւրիս ու համայն մարդկութեան գիշերը» այս վստահութենէն մեկնելով է որ Սուրբ Երկրի Պահակը՝ Ֆրանչիսկեան Եղբայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն շարադրեց Սուրբ Ծննդեան պատգամը որուն բնաբանն է «Մի վախնաք ահա ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը»։

Ակնարկելով պատերազմի իրողութեան Եղբայր Փաթթոն կը հաստատէ՝ թէ բազմաթիւ մարդիկ այսօր կը շարունակեն ապրիլ խաւարին մէջ. Ինչպէս Սուրիայի եւ Եմենի  մէջ ապրող մեր եղբայրներն ու քոյրերը ու աշխարհի այլ վայրերու մեր եղբայրակիցները, որոնք բանտարկուած են «արիւնալի հակամարտութիւններու մէջ, որոնք միլիոնաւոր մարդիկ կը մատնեն արտահանութեան, զանոնք կը դարձնեն իրենց ընտանիքներէն եւ մշակոյթներէն արմատախիլ եղած փախստականներ, վտարուած իրենց հայրենիքէն ու յաճախ անկարող ապաստան եւ հիւրընկալութիւն գտնելու այլ հողերու վրայ», կը գրէ Եղբայր  Փաթթոն ակնարկելով նաեւ մեղքի խաւարներուն՝ որոնք պտուղ են բռնութեան ու սխալ ընտրանքներու, ինչպէս նաեւ Աստուծմէ հեռու ապրելու իրավիճակին»։ Խաւարներ որոնք կը փոխակերպուին եղբօր մերժումի, անոր ապրելու իրաւունքի ժխտումի, անոր անհատական արժանապատուութեան անարգանքի» դիտել կու տայ Եղբայր Փաթթոն  բացայայտելով թէ այդ մարդկային կեանքը յատկանշող բոլոր խաւարներուն դիմաց է որ Յիսուս դարձեալ աշխարհ կու գայ փրկութիւն բերելու համար բոլորին։

«Թող որ Բեթղեհէմի Մանուկին լոյսը մուտք գործէ բոլորի խիղճերու ու կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներու ու հասարակութիւններուն ներքոյ, թող որ անոր լոյսը լուսաւորէ բոլոր ազգերն ու իրեն դիմող բոլոր կրօններու հաւատացեալները։ Թող որ այդ լոյսը առաջնորդէ կառավարիչներու խիղճերը ու անոնց օգնէ հասկնալու թէ կառավարել կը նշանակէ խնամք տանիլ անոր որ ամենափոքրն է, ամենադիւրաբեկն է եւ անպաշտպան է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2018, 08:42