Որոնել

Նոր Տարուան համար օգտակար Սուրբգրային համարներ Նոր Տարուան համար օգտակար Սուրբգրային համարներ  

Նոր Տարուան համար օգտակար Սուրբգրային համարներ

Եղբայրներ,...կ'աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ

Փիլիպպեցիներուն, 3, 13-14  Եղբայրներ,...կ'աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով:

Եսայի մարգարէութիւնը 40, 31 Տիրոջ յուսացողները իրենց ոյժը պիտի վերանորոգեն, անոնք արծիւներուն պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չյոգնին, պիտի քալեն ու չպարտասին:

Առակներու Գիրքը 3, 5-6 Տիրոջ վստահէ' ամբողջ սրտովդ, ու քու խելքիդ մի ապաւինիր. Զայն ճանչցի'ր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ Ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ:

Սաղմոս 90, 12 Սորվեցո'ւր մեզի' թէ մեր օրերը համրուած են, որպէսզի սրտով իմաստուն դառնանք:

2 Կորնթացիներուն 5, 17 Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ' այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ:

Սաղմոս 20, 4 Տէրը սրտիդ համեմատ թող տայ քեզի, եւ բոլոր փափաքներդ կատարէ:

Ա Մնացորդաց 16, 11-12 Փնտռեցէ'ք Տէրը եւ անոր զօրութիւնը, խնդրեցէ'ք Անոր երեսը շարունակ: Յիշեցէ'ք Անոր ըրած սքանչելիքները, Անոր հրաշքներն ու բերանի դատավճիռները:

Ամբակումի մարգարէութիւնը 1, 5 Նայեցէ'ք եւ ուշադրութիւն դարձուցէ'ք, եւ զարմանալով զարմացէ'ք, որովհետեւ ձեր օրերուն մէջ այնպիսի արարք մը պիտի կատարեմ, որ եթէ պատմուի ձեզի՝ պիտի չհաւատաք:

Եփեսացիներուն 4, 22-24 Ուստի մոռցէ'ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ'ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէ'ք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէ'ք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ:

Խաղաղ, արգասաւէտ եւ սուրբ Նոր Տարի բոլորին:

Պատրաստեց՝ Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2018, 08:34