Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է.  

Ծիսական գիտելիքներ - Է. Շաբաթ Յիսնակաց 31 Դեկտեմբեր 2018 – 6 Յունուար 2019։

Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է.

Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին. Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։

Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Ատուծոյ փառքին համար։ Անոր հանար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։

Երկուշաբթի 31 Դեկտեմբերը, 2018 տարւոյն վերջին օրն է . հրաժեշտ առնենք 2018 տարիէն, մեծ յոյսերով ընդունելու 2019 տարին, մաղթելով որ ըլլայ բարեբեր ու խաղաղ  տարի մը բոլորիս։

Երեքշաբթի  1 Յունուար 2019` Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. ծննդենէն ութը օր վերջ, արդարեւ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Շաբաթ  5 Յունուարին` Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Կիրակի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուռս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին։ Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։ Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ. Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Ըստ հայկական սովորութեան` Աստուածայայտնութեան յաջորդող օրը՝ երկուշաբթի 7 Յունուարին, նուիրուած է ննջեցեալներուն. Այսինքն՝  Օր մեռելոց  է,  եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2019, 08:39