Որոնել

Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

Ծիսական գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Յիսնակաց 16 – 23 Դեկտեմբեր 2018:

Յիսնակաց 5-րդ շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է:

Յիսնակաց 5-րդ  շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է. կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն որ ներում շնորհեն անոնց որոնք իրենց դէմ յանցանք մը կը գործեն. Ոչ թէ օրական միայն մէկ կամ երեք անգամ, ինչպէս օրէնքը կը հրամայէ, այլ նոյնիսկ 7 անգամ, 7-ը կատարելութեան թիւն ըլլալով։ Մէկ խօսքով` Յիսուս կ՛անցնի օրէնքէն անդին, բայց ոչ օրէնքէն դուրս. Յիսուս միշտ յարգած է օրէնքը, սակայն սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ օրէնքով. Կ՛անցնի անկէ անդին եւ շատ աւելի վեր. Նոր օրէնք մը կը ստեղծուի, սիրոյ օրէնքը որ կը գերազանցէ ամէն տեսակ օրէնսդրութիւն, քանի գիրէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգի կու տայ։

Երկուշաբթի 17 Դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Իգնատիոսի. Վկայաբանութեան մէջ` զինք կը կոչենք աստուածազգեաց հայրապետ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, ինքն էր այն մանուկը զոր Յիսուս Կափառնաումի մէջ գրկեց եւ առաքեալներուն առջեւ դնելով` ըսաւ. Եթէ այս մանուկին պէս չըլլաք, չէք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Ան աշակերտած է Յովհաննէս աւետարանչին եւ Անտիոքի 3-րդ հայրապետը եղած է։ 114 թուին, Հռոմ տարուած է եւ նահատակուած` կրկէսին մէջ, գազաններու առջեւ նետուելով։ Գրած է 7 նամակներ զանազան եկեղեցիներուն ուղղուած։

Երեքշաբթի 18 Դեկտեմբերին` Նիկոմիդիայի շրջանէն` կը տօնենք Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։ Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։

Հինգշաբթի 20 Դեկտեմբերին տօնն է Աբգար թագաւորին եւ Ադդէ հայրապետին։ Աբգար Եդեսիոյ թագաւորն էր. Ըստ աւանդութեան, նամակ մը գրած է եւ յղած Յիսուսի, որպէսզի գայ եւ զինք բուժէ. Յիսուս, իր յարութենէն ետք` կ՛ուղարկէ Թադէոս առաքեալը, որպէսզի բժշկէ զինք։ Աբգար, բուժուելէն ետք` ընտանեօք քրիստոնեայ կ՛ըլլայ եւ իր շրջանի շատ մը ուրիշ թագաւորներուն կը գրէ որպէսզի իրենք եւս ընդունին քրիստոնէութիւնը. Երեք տարի վերջ` կը մեռնի բարեպաշտ մահով։

Ադդէ հայրապետը Աբգարի թագը շինող անձն էր, որ ոչ միայն քրիստոնեայ կ՛ըլլայ, այլ եւ կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ կ՛ըլլայ Եդեսիոյ առաջին հայրապետը. Սակայն Աբգարի որդին ետ հեթանոսութեան դարձած ըլլալով, հրաման կու տայ Ադդէի վերադառնալ իր նախկին արհեստին եւ իրեն համար թագեր պատրաստել. Երբ Ադդէ կը մերժէ, թագաւորը զինք կը սպաննէ. Ադդէի նահատակութեան թուականն է 36-ը։

Նաեւ տօնն է Սուրբ Աբրահամի եւ Խորէնի, ինչպէս նաեւ անծանօթ բժիշկներ՝  Կոզմայի ու Դամիանոսի

Շաբաթ 22 Դեկտեմբերին` տօնն է Դաւիթ մարգարէին որ Հրէաստանի թագաւորն էր եւ Ս. Գրքի մէջ իր անունը ճանչցուած է որպէս յօրինող Սաղմոսներուն։ Ան նախահայրը կը սեպուի Յիսուսի, որ Բենիամինի ցեղէն եւ սերունդէն էր, ինչպէս Դաւիթ։ Յիսուս յաճախ կը կոչուի իր ժամանակակիցներէն Դաւթի Որդի։

Երկրորդ տօնն է Սուրբ Յակոբ, զոր կը կոչենք Տեառնեղբայր, այսինքն եղբայրը Յիսուսի. Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել իր հարազատ զարմիկը, որով Հին Հրէաստանի մէջ` զարմիկները զիրար եղբայր կ՛անուանէին։

Կիրակի 23 Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց  Զ. Կիրակին է  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2018, 09:01