Որոնել

Միջեկեղեցական արարողութիւն Միջեկեղեցական արարողութիւն  

Միջեկեղեցական արարողութիւն Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ:

Օրուան հանդիսավար Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ կարեւորեց եկեղեցիներու համախմբումը եւ աղօթքը

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերին, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։

Ներկայ էին թեմի նախկին ա-ռաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Կերասիմոս արքեպիսկոպոսը, օրուան յոբելեար Յովհաննէս քհնյ. Պաքաս, թեմի քահանայից դասը, օտար եկեղեցիներու հոգեւորականներ, ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։

Օրուան հանդիսավարն էր Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, որ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ կարեւորեց եկեղեցիներու համախմբումը եւ աղօթքը։

Ապա անգլերէնով կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն, որ քաղուած էր Հայ եկեղեցւոյ ժամագիրքէն։ Մայր տաճարի երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ յաջորդաբար ներկայացուց «Հայր Մեր», «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» եւ «Սուրբ, Սուրբ» շարականները։

Ս. Սոֆիա Յոյն եկեղեցւոյ երգչախումբը նոյնպէս փունջ մը շարականներով հանդէս եկաւ։

Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Ալեքսէյ Սմիթ, որ մեծարեալին դասընկերն է, վեր առաւ քահանայ հօր արժանիքները։

Օրուան յոբելեար քահանան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան սրբազանին, միջոցառման եւ զինք այս պատիւին արժանացնելուն համար, ապա խօսեցաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, որ Քրիստոսի եկեղեցին բոլորին կը պատկանի եւ անոր մէջ չկան ազգային եւ ինքնութեան տարբերութիւններ։

Իր կարգին, Կերասիմոս արքեպիսկոպոսը գնահատեց քահանայ հօր պատրաստութիւնը, աշխուժութիւնը, զոհողութիւնն ու ծառայութիւնը, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ իսկական եկեղեցականի յատկութիւնները։

Ապա խօսք առաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ իր դրուատիքի խօսքին մէջ նշեց. «Հաւատացեալներու այս բազմութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, որ տէր Յովհաննէսը որքա՜ն սիրուած է իր հօտին եւ այլ եկեղեցականներու կողմէ։ Որպէս հաւատքի մարդ, դուք հասաք բոլորին՝ թէ՛ աղքատին եւ թէ հարուստին եւ երբեք խտրութիւն չդրիք անոնց միջեւ։ Դուք Հայ եկեղեցւոյ բարեկամը դարձաք եւ ձեր մասնակցութիւնը բերիք մեր կողմէ կազմակերպուած բոլոր պատմական միջոցառումներուն»։

Այս առթիւ սրբազանը յոբելեար տէր հօր լանջախանչ նուիրեց։

Արարողութենէն ետք, «Գալայճեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապուրի ճաշկերոյթ, որ կազմակերպուած էր տաճարի «Բարի Սամարացի» միութեան կողմէ։

Քաղուած «Ասպարեզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 08:00