Որոնել

Ինքզինք խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ  Ինքզինք խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ  

Կիրակի 23 Դեկտկմբեր 2018 - Վեցերորդ Կիրակի Յիսնակաց

Ինքզինք խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ (Ղուկաս 18, 9-14)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մենք ամէնքս ամէն օր կ՛աղօթենք. Սակայն ինչպէ՞ս կ՛աղօթենք։

            Ահա այս նիւթին շուրջ է որ Քրիստոս կը պատմէ իր աշակերտներուն Փարիսե-ցիին եւ Մաքսաւորին առակը։ Մին շատ մօտիկ է Աստուծոյ սրտին, որովհետեւ անոր պատուիրանները մանրամասնօրէն կը յարգէ եւ ամէն ինչ կը կատարէ Օրէնքի համա-ձայն. Իսկ միւսը` շատ հեռու է Օրէնքէն. Ան կը հնազանդի մարդկային օրէնքներու, որոնք նաեւ թոյլ կու տան դժբախտաբար կեղեքելու ուրիշները եւ անօրինութիւն գոր-ծելու իրմէ աւելի տկարներուն հանդէպ, օգտուելով իրեն տրուած իշխանութենէն։

            Անշուշտ Աստուծոյ Օրէնքը պահողը Փարիսեցին է, օրինաւոր մարդ, որ որեւէ մէկուն իրաւունքը չ՛իւրացներ եւ մանաւանդ օրինակ է մարդոց իր ճշդապահութեամբ։ Անոր աղօթքը վստահաբար շատ հաճելի ըլլալու է Աստուծոյ, որ կը սիրէ ու կը վար-ձատրէ զինք սիրող ու պաշտող իր արարածները։ Առաքեալները վստահ են թէ Յիսուս կու տայ իրենց Փարիսեցիին աղօթքը որպէս օրինակ թէ ինչպէս պէտք է աղօթէ անձ մը որ կ՛ուզէ հաճելի ըլլալ Աստուծոյ։

            Իսկ Մաքսաւորը` մեղաւոր եւ Աստուծոյ Օրէնքը չյարգող մարդ, գող եւ անբարոյ, ի՞նչ տեսակ օրինակ կրնայ տալ. Նախ եւ առաջ` արդեօք գիտէ՞ աղօթելու կերպը. Ինչ-պէ՞ս կը համարձակի տաճար մտնելու. Իր ներկայութիւնը տաճարին մէջ սրբապղծու-թիւն մըն է։ Առաքեալները կը սպասեն գիտնալու համար թէ արդեօք Յիսուս ի՞նչ բառե-րով պիտի դատապարտէ այս անպիտան մարդուն աղօթքը, եթէ անշուշտ անոր կատա-րածը կարելի է աղօթք սեպել։

            Բայց Տէրը ուրիշ կերպով կը մեկնաբանէ այս դէպքը. ան անշուշտ կը ճանչնայ երկուքին սրտերն ալ, ուստի եւ իր դատողութիւնը շիտակ է։ Ան կը յայտնէ թէ ինչ տեսակ աղօթք կ՛ընէ իւրաքանչիւրը. Փարիսեցին ուրիշ բան չ՛ըներ եթէ ոչ գովասանքը իր անձին, ինքզինք ներկայացնելով որպէս օրինակ օրինապահութեան. Իր աղօթքով կ՛ուզէ ըսել Տիրոջ թէ ինք արժանի է աստուածային բարձր գնահատանքի  եւ թէ իր աղօթքը պսակումն է իր կեանքի օրինաւոր ընթացքին։ Նոյնիսկ կը յաւակնի ինքզինք գերադասել ուրիշներու բաղդատմամբ, մանաւանդ այդ մեղքերով բերցուած եւ Օրէնքը չյարգող մաքսաւորին նկատմամբ, որ ընկերութեան կողմէ արդէն դատապարտուած մըն է։

            Իսկ Մաքսաւորին աղօթքը զուտ զղջումի արտայայտութիւն մըն է, լի խոնար-հութեամբ եւ իր անձին հանդէպ  պժգանքով։ Ան եկած է պարպելու իր երկնաւոր Հօր առջեւ իր սրտին անիրաւութիւնն ու աղտեղութիւնը, ներողութիւն կը խնդրէ, սպասելով որ Տէրը թերեւս գթայ իր վրայ եւ պարգեւէ իրեն շնորհքը անմեղութեան ու վերստին արդարացումի Աստուծոյ եւ ընկերութեան առջեւ։

            Յիսուսի դատողութիւնը շատ յստակ է եւ կտրուկ. Այն որ ինքզինք գովէ ու բար-ձըրացնէ Աստուծոյ առջեւ, Աստուած ալ զինք կը խոնարհեցնէ եւ իր տեղը կը նստեցնէ, որովհետեւ առանց Աստուծոյ շնորհքին, մենք որեւէ բարի բան չենք կրնար արտադրել։ Իսկ ընդհակառակը` այն որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ Աստուծոյ առջեւ, ան է որ շնորհք կը գտնէ եւ իր բազմաթիւ մեղքերը կը ներուին իրեն։ Փարիսեցին տուն կը դառնայ մընա-լով իր կուրութեան մէջ. Մաքսաւորը կը վերադառնայ արդարացած։ Ահա այս է դատաս-տանն Աստուծոյ. Ան մեղաւորին կը ներէ, միայն մէկ պայմանով, որ խոնարհաբար նե-րում խնդրէ. Ուստի խոնարհ աղօթքն է միայն որ հաճելի է Տիրոջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2018, 10:17