Սուրբ Ստեփանոս Սուրբ Ստեփանոս  (© Musei Vaticani)

ՏՕՆ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ

Ստեփանոս հաւատքով եւ Ս. Հոգիով զինուած, ճշմարիտ աշակերտը կ’ըլլայ Քրիստոսի։

Ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուն կը կատարենք յիշատակը առաքեալ եւ նախավկայ Քրիստոսի՝ Ս. Ստեփանոսի։ Անոր՝ որ Քրիստոսի սուրբ արեամբ մկրտուեցաւ որպէս նախասարկաւագ եւ առաջին վկայ Քրիստոսի։ Անոր՝ որ քարկոծումը յանձն առաւ եւ անմահներու բնակարանը փոխադրուեցաւ։ Անոր՝ որ մահուան մէջ անգամ իր փրկչին նմանեցաւ եւ թողութիւն խնդրեց զինք քարկոծողներուն համար։

Քրիստոսի համբարձումէն ետք առաքեալներ սկսան քրիստոնէութիւնը քարոզել եւ տարածել, սկզբնապէս իրենց ազգակից ժողովուրդի ծոցին մէջ։ Առաքեալներու պաշտօնն էր քարոզել, աղօթել, սեղանի սպասարկութիւն կատարել եւ կարօտեալներուն նպաստ բաշխել։ Սակայն, պէտք ունէին օգնականներու եւ այդ պատճառով ժողովուրդին վստահութիւնը շահած եօթը անձեր ընտրեցին խնամատարական այս գործը յառաջ տանելու։ Նորընտիր այս պաշտօնեաները նախքան իրենց գործը սկսիլը, առաքեալներու կողմէ ձեռնադրութեամբ պաշտօնի կոչուեցան։ Անոնց մէջէն Ստեփանոս նախասարկաւագն էր որ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց իր ծառայասիրութեամբ եւ քարոզութեամբ։

Ստեփանոս հաւատքով եւ Ս. Հոգիով զինուած, համարձակութեամբ, Ս. Հոգիի կրակով վառուած եւ աստուածային ուժով լեցուած ճշմարիտ աշակերտը կ’ըլլայ Քրիստոսի։ Համարձակօրէն կը տարածէ Քրիստոսի ուսուցումները սեղանի սպասարկութենէն ետք, եւ անոր անունով հրաշքներ կը կատարէ ժողովուրդին մէջ։ Ս. Ստեփանոս իր եռանդագին գործունէութեամբ մեծ հռչակ կը տարածէ քրիստոնէական շրջանակներէն ներս։ Եւ սակայն հրեաներուն կողմէ կ’ամբաստանուի եւ ատեանին առջեւ կը դատապարտուի։ 

Այսուհանդերձ, ան հաստատ կը մնայ իր հաւատքին վրայ եւ ատեանին առջեւ կը պահպանէ իր հաւատքն ու վարդապետութիւնը։ Ատելութեան գագաթնակէտին հասած, քաղաքէն դուրս կը հանեն զայն քաշկռտելով եւ կը սկսին քարկոծել։ Սուրբը, քարերու տարափին տակ, հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ կ’աւանդէ իր հոգին։ 
Ստեփանոս ինք իրեն համար չ՚ապրեցաւ, ինքն իր մասին չմտածեց։ Այլ ապրեցաւ ուրիշներուն մասին մտածելով. իր եւ իր նմաներուն երջանկութեան մէջ տեսաւ իր երջանկութիւնը։ Ան համակ շարժում եղաւ, վառեցաւ Քրիստոսի կրակով եւ աշխատեցաւ, սպասարկեց, ծառայեց եւ Աւետարանի սպասաւոր դարձաւ։ Քրիստոսի օրինակով դարձաւ առաջին վկան, նախասարկաւագը, մարտիրոսը։

Սարկաւագաց տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ մեր եկեղեցիներու բոլոր սարկաւագները եւ կը մաղթեմ որ սուրբին հաւատքով լեցուին, աստուածային շնորհքներով զինուին եւ վարակիչ ու հմայիչ դառնան տարածելով Քրիստոսի բերած խաղաղութիւնը, սէրը եւ համերաշխութիւնը։


ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ 
Գանատայի Հայոց Թեմի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2018, 10:42