Արամ Ա Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

Անթիլիասի Մայրավանքին տօնածառն ու մսուրը լուսաւորուեցան փոքրիկներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ։

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքիբ մէջ

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում, ինչպէս նաեւ խրախճանք եւ նուէրներու բաշխում:

Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնացիի եւ Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին մասունքները: Նախատօնակի աւարտին, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

Խօսելով Ս. Յակոբ Մծբնացիի մասին` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ սուրբը մեր ժողովուրդի պատմութեան խորերէն կու գայ` յիշեցնելու, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր սրբութեան կեանքը պէտք է ապրի: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ այս տօնը ըլլայ յիշեցում եւ միաժամանակ հրաւէր` ազգային արժէքներով շաղախուած եւ սրբազան իտէալներով թրծուած կեանք մը ապրելու, ու շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող բոլոր հայորդիները` յանձնարարելով, որ Ս. Յակոբին կեանքէն ճառագայթող ճշմարտութիւններն ու սկզբունքները իրենց կեանքին կիզակէտը դարձնեն:

Նախատօնակէն ետք տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւն: Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը ձեռնարկեց Կաղանդի ծառին եւ մսուրին լուսաւորումին: Ասոր զուգահեռ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն եւ մայրավանքին շրջափակէն հնչեցին տօնական երգեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2018, 08:52