Որոնել

Սուրբ Մսուրը նշան է տիեզերական սիրոյ Սուրբ Մսուրը նշան է տիեզերական սիրոյ  

«Մսուրը տիեզերական սիրոյ նշան է» Վենետիկի Պատրիարք։

Սուրբ Մսուրը նշան է տիեզերական սիրոյ ու բոլոր մարդոց նկատմամբ բաց ընկալումի

Վենետիկի Պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակած է Պատրիարքին Սուրբ Ծննդեան առթիւ քրիստոնէական աւանդութեամբ մսուրի շինարարութեան մասին յայտարարութիւնը որուն մէջ հաստատուած է թէ «Սուրբ Մսուրը նշան է տիեզերական սիրոյ ու բոլոր մարդոց նկատմամբ բաց ընկալումի։ Մեր ընկերութիւնը այսօր կարիքը ունի խօսուն նշաններու որոնք կարող ըլլան ցոյց տալ այդ իրականութիւնը։ Քրիստոնեային համար մսուրը կը խորհրդանշէ իր հաւատքին սիրտը։ Ամենայնդէպս Քրիստոնեայի եւ իւրաքանչիւր մարդու համար մսուրը «պարտադիր» իրականութիւն մը չէ այլ առաջարկ, որպէսզի մարդը վերագտնէ սէրը ու դէպի Բարձրեալին եւ մերձաւորին նկատմամբ բացուածքը»։

Յայտնենք թէ սոյն յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ ի պատասխան այն բանավէճին որ ծագեցաւ  Փատովացի քահանայ՝ Հայր Լուքա Ֆավարինիի Ֆեյսպուքեան էջին վրայ հրապարակած մէկ նոթագրութեան հետեւանքով, որուն մէջ ան հրաւէր ուղղած էր Ծննդեան մսուրը չի շինել յարգելու համար գաղթականները (որոնք ընդհանրապէս այլ կրօնի հաւատացնելներ են)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2018, 12:32