Որոնել

Հալածուած Քրիստոնեաներ Հալածուած Քրիստոնեաներ  

2018-ին սպաննուեցան աւելի քան 3 հազար քրիստոնեաներ. 2017էն աւելի։

Սոյն ոճիրները տեղի կ՛ունենան յատկապէս այն երկիրներուն մէջ ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս դժբախտաբար աշխարհի մէջ իրենց հաւատքին համար սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը  աճ արձանագրած է եւ աւելի քան  3000  հաւատացեալներ արեան գնով վճարած են իրենց հաւատքին պատկանելիութեան հաւատարմութիւնը։

Ըստ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն քահանայապետական իրաւասութեամբ հիմնարկին անցեալ ամիսներուն  հրապարակած  տարեկան  տեղեկագիրին,  աշխարհի  մէջ  կան աւելի քան 300 միլիոն հալածուած քրիստոնեաներ,  եւ 38 երկիներուն մէջ անոնք  թիրախ են խտրականութեան եւ հարստահարումներու։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ ապա կը սպաննուին իրենց  դաւանած հաւատքին համար։ Այս ուղղութեամբ 2018 տարին եւս դժբախտաբար արձանգրած է ժխտական չափանիշ մը  եւ աւելի քան 3000 քրիստոնեան սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար, գերազանցնելով 2017-ի ընթացքին սպաննուածներուն ողբերգական թիւը։

Սոյն ոճիրները տեղի կ՛ունենան յատկապէս այն երկիրներուն մէջ ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն ինչպէս է Նիճերիայի, Եգիպտոսի  կամ Փաքիստանի պարագան։

Այս հալածանքներէն ամենաշատ տուժողները  ընդհանրապէս կիներն ու անպաշտպան  մանուկներն են։ Սոյն իրականութեան դիմաց եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն օրինակելի վկայութիւնը միշտ աւելիով կը դառնայ անհրաժեշտ, այնպէս ընելու որ կաթիլ կաթիլ սերմանուի եղբայրութեան ու համերաշխութեան մշակոյթը, ու յարգուի ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնն ու իրաւունքը, յատկապէս կրօնի ազատութեան իրաւունքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2018, 11:06