Որոնել

Մետրոպոլիտ «Էփիֆանյի»ն ընտրուեցաւ Քիեւի անկախ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ։ Մետրոպոլիտ «Էփիֆանյի»ն ընտրուեցաւ Քիեւի անկախ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ։  

Մետրոպոլիտ «Էփիֆանյի»ն ընտրուեցաւ Քիեւի անկախ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ։

Նոր ընտրեալ առաջնորդը ստանձնեց ոչ թէ Պատրիարքի այլ Քիեւի եւ Համայն Ուքրանիոյ Մետրոպոլիտի տիտղոսը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

39 ամեայ  «Փերեժասլաւ-Քմելնիթսքիի» երբեմնի մետրոպոլիտ՝  «Էփիֆանյի»ն ընտուեցաւ Ուքրանիայի անկախ  Եկեղեցւոյ Առաջնորդ։ Յառաջիկայ 6 Յունուար 2018-ին, Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին Անոր նշանակումը պիտի հաստատուի Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։

15 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած ընտրութեան, ներկայ էին ի մէջ այլոց Ուկրանիոյ Նախագահ՝ Փետրօ Փորոշենքոն, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչը եւ Մոսկուայի Պատրիարքութենէն երկու եպիսկոպոսներ։ Այս ընտրութեամբ Ուքրանիոյ անկախ եկեղեցին կը դառնայ  աշխարհի 15-րդ օրթոտոքս եկեղեցի։

Նոր ընտրեալ առաջնորդը  ստանձնեց  ոչ թէ Պատրիարքի այլ Քիեւի եւ Համայն Ուքրանիոյ Մետրոպոլիտի տիտղոսը։  «Էփիֆանյի»ն ծնած է 3 փետրուար 1979-ին Վոլքովօ գիւղաքաղաքին մէջ։ 1999 աւարտեց Քիեւի նորընծայարանի դասընթացքը եւ 2004-ին աւարտեց Պատրիարքութեան աստուածաբանական կաճարի Աստուածաբանութեան մասնագիտութիւնը ։

2007-ին կատարեց կրօնաւորական ուխտերը եւ 2009-ին դարձաւ Վիշկորոտի եպիսկոպոս ապա 2013-ին Մետրոպոլիտ

Ըստ որդեգրուած նոր սահմանադրութեան, Ուքրանիոյ  Նոր Եկեղեցին ինքզինք կը հռչակէ ինքնավար ուստի անկախ միւս բոլոր եկեղեցիներէն ու նաեւ Մոսկուայէն, որ չի ճանչնար այդ ընտրութեան վաւերականութիւնը։

Նոր Եկեղեցին պիտի կառավարուի մնայուն սիւնհոդոսի մը կողմէ կազմուած նորընտիր Առաջնորդէն եւ 12 այլ եպիսկոպոսներէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2018, 12:06