Թեզէ կազմակերպութեան խորհրդանիշ Թեզէ կազմակերպութեան խորհրդանիշ 

«Չմոռնանք հիւրընկալութիւնը» Թեզէյի եւրոպական 41-րդ հանդիպումը Մատրիտի մէջ:

Եւրոպական երիտասարդացնել 41 րդ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպայի զանազան երկիրներէն հազարաւոր երիտասարդներ:

28 դեկտեմբեր 2018էն- 1 յունուար 2019- երկարող օրերուն Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտի մէջ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի երիտասարդներու 41 հանդիպումը, նախաձեռնութեամբ Թեզէյի երիտասարդաց կազմակերպութեան, որուն այս տարուան խորագիրն է «Չմոռնանք հիւրընկալութիւնը»։

Եւրոպական երիտասարդաց 41-րդ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպայի զանազան երկիրներէն հազարաւոր երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 170 ժողովրդապետութիւններէ ընտանիքներ:

Նշենք, թէ առաջին անգամ ըլլալով է որ Սպանիայի մայաքաղաքը ականատես պիտի ըլլայ Եւրոապայի երիտասարդաց հաւաքի մը: Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած է խաղաղութեան ի սպաս բազմաթիւ միջազգային հաւաքներ:

41-րդ եւրոպայի երիտասարդաց հաւաքի օրակարգը կ՝ընդրգկէ, մայրաքաղաքի զանազան եկեղեցիներէն ներս աղօթքի պահեր, որ սկիզբ կ՝առնեն 28 դեկտեմբերին եւ վերջ պիտի գտնեն 1 յունուար 2019-ին:

Յիշեալ միջոցառումին իրականացման համար իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 800 կամաւորներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2018, 10:40