Որոնել

Յիսուս Բարի հովիւը Յիսուս Բարի հովիւը 

Փնտռել Յիսուսը մեր բարի գործերուն մէջ:

Մենք պէտք ենք փաստել թէ իսկական Քրիստոնեաներ կ'ըլլանք երբ փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն կ'ենթարկուինք եւ կը դիմագրաւենք զանոնք մեր աղօթքներով, հաւատքով եւ բարի գործերով:

Այս օրերուն կը գտնուինք յիսնակաց շրջանին մէջ ուր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է ապրի ծննդեան շրջանը եւ մանաւանդ Յիսուս մանուկին ծնունդը:

Ի՞նչ են արդեօ՞ք պատգամները զոր Տէրը կ'ուզէ մեզի յանձնել այս օրերուն: Մեզի պիտի խօսի ողորմութեան մասին ինչպէս նաեւ մեր անձնական պատրաստութեան՝ մեր հոգեւոր ինքնութիւնը հասկնալու՝ շահելու համար երկնային երջանկութիւնը 

Սաղմոսը կ'ըսէ «Ահաւասիկ հաւատացեալ ժողովուրդը որ կը փնտռէր Աստուծոյ դէմքը » մենք որպէս նոր Քրիստոնեայ ժողովուրդ հպարտ ենք Քրիստոսի զաւակները ըլլալու: Մենք պէտք ենք փաստել թէ իսկական Քրիստոնեաներ կ'ըլլանք երբ փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն կ'ենթարկուինք եւ կը դիմագրաւենք զանոնք մեր աղօթքներով, հաւատքով եւ բարի գործերով:
Քրիստոնեան՝ այն անձն է որ Տէրը կը փնտռէ առտու մինչեւ գիշեր, ամէն տեղ եւ մանաւանդ ուրիշներու սրտերուն եւ բարի գործերուն մէջ եւ ինչպէս նաեւ մանաւանդ երբ Քրիստոսի կամքը լիուլի ձեւով կը կատարէ:
Փնտռտուք մը չէ որ մեզ կր տանի յուսահատութեան այլ ուրախութեան եւ յոյսի՝ որովհետեւ հոն կր ճանչնանք մեր տկարութիւնները: Կը փնտռենք միմիայն գոհ ձգել մեր Տէրը այն բարի գործերու միջոցաւ եւ մանաւանդ օրուայ անցուդարձներուն մէջ:

Այրի կինը տուաւ ամէն ինչ եւ ինչ որ ունէր կ'ըսէր Աւետարանիչը, մինչ այդ միւս ժողովուրդը հակառակ պատկերը տուին՝ ինչպէս որ շատերը ըրին այսինքն բոլոր սրտով չտուին եւ ոչ ալ կրցան նուիրել:
Յիսուս՝ խօսելով եղբայրասիրութեան մասին, մեզմէ կը խնդրէ որ ուրիշներուն եւ մանաւանդ անհաւատներուն աւելի սիրենք եւ տանք: Այրի տիկինը մեզմէ կը խնդրէ որ Յիսուսը փնտռենք այն բարի մարդոց ողորմութեան եւ բարի գործերուն մէջ:
Ամէն բարի գործ՝ պէտք է կատարեալ ըլլալ մինչեւ որ հասնի տիրոջ պահանջած կամքին որ է ամենակատարեալ ընծայումը եւ նուէրը մեր եղբօր' ինչ որ Յիսուսը մեզմէ առաջ ըրաւ համայն մարդկութեան:
Այրի տիկինը երբեք չմերժեց բարիք ընել չքաւորին, որովհետեւ գիտակից էր թէ Տէրը պիտի վարձատրէ զինք արքայութեան մէջ: Իր յոյսը, բարի մաղթանքն էր որ զինք մղեց Աստուծմէ առած շնորհքները ի սպաս դնելու այն մարդոց որոնք պէտք ունէին իրեն: այս արարքով կրնանք հասկնալ եւ տեսնել Աստուծոյ պատկերը այս բարիքին եւ կնոջ մէջ:
Ս. Կոյսին աղօթենք եւ բարեխօսութիւնը խնդրենք որ մեզի շնորհքը տայ իրեն նմանելու՝ զոհողութեան եւ սիրոյն մէջ եւ մանաւանդ մեր կեանքին գողգոթային ճամբուն ընդմէջէն: Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2018, 07:56