Միջին արեւելքի պատրիարքները Միջին արեւելքի պատրիարքները 

Եզրափակուեցաւ Իրաքի մէջ միջին արեւելքի պատրիարքներուն 26-րդ համ

Համագումարը իր աւարտին հասաւ, ուրբաթ, 30 նոյեմբերին, Իրաքի մայրաքաղաքի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 30 նոյեմբերին եզրափակուեցաւ Իրաքի մէջ գումարուած Միջին արեւելքի պատրիարքներուն 26 –րդ համագումարը, որուն նպատակն է ամրապնդել Միջին արեւելքի քրիստոնեաներու միութիւնը, դիմակայելու համար քրիստոնեայ հասարակասիրութիւններուն կողմէ ապրուած մարտահրաւէրները, որոնց շարքին հալածանքները, ծայրայեղականութեան եւ գաղթականութեան հայող հացեր :

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս պատրիարքը, Մարոնիներուն Պշարի Ռայի պատրիարքը, յոյն կաթողիկէներուն Եուսէֆ Ապիսի պատրիարքը, Ասորի կաթողիկէներուն Ինիաս Եուսէֆ Գ Եունան Պատրիարքը ինչպէս նաեւ Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքութեան ներկայացուցիչ՝ գերապայծառ Շոմալի եւ Ղպտիներուն Լուիս Ռաֆայել Սաճ որ բացումը կատարեց յիշեալ համագումարին:

Միջին արեւելքի պատրիարքներու 26 րդ համագումարի ծիրէն ներս, պատրիարքները հանդիպում ունեցան Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Տիար Պարհամ Սալիհի հետ ինչպէս նաեւ Իրաքի վարչապետ Ատել Ատուլ Մահտի հետ:

Համագումարը իր աւարտին հասաւ, ուրբաթ, 30 նոյեմբերին, Իրաքի մայրաքաղաքի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ: Պատարագի ժամանակ ընթերցուեցաւ համագումարէն բխած Պատրիարքներու եզրափակիչ պատգամը հայող ոչ միային երիտասարդներուն այլեւ Միջին արեւելքի զանազան երկիրներուն իրավիճակին:

Ինչ կը հայի Սուրիոյ իրավիճակին, պատրիարքները իրենց գոհունակութիւն յայտնած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներու մէջ աստիճանաբար հաստատուած կայուն եւ խաղաղ իրավիճակին համար յոյս յայտնելով որ շուտով համայն Սուրիոյ մէջ տիրէ խաղաղութիւն եւ այս առնչութեամբ կոչ ուղղած են, Սուրիացի գաղթականներուն իրենց տուները վերադառնալու համար, ի շահ ազգային միութեան ամրապնդման:

Անդրադառնալով Իրաքի կացութեան պատրիարքները արժեւորուած են երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը, նկատել տալով որ անիկա կը նպաստէ յաւելեալ կայուն վիճակի հաստատման ու նկատի առնելով որ պէտք է շարունակել պայքարիլ ծայրայեղականութեան դէմ որ տակաւին ամբողջութեամբ արմատախիլ չէ եղած : Պատրիարքները ապա հրաւէր ուղղած են Իրաքի երիտասարդներուն մնալու իրաքի մէջ եւ նպաստելու երկրին վերակառուցման աշխատանքներուն:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կացութեան, միջին արեւելքի Պատրիարքները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Լիբանանի մէջ նոր խորհրդարանի կազմութեան համար կոչ ուղղելով որ կարճ ժամանակի մէջ անյապաղ Լիբանանը ունենայ նոր կառավարութիւն մը որ գիտնայ պատասխանել քաղաքացիներու հարցերուն ու անոնց կարիքներուն:

Կրօնապետերը ապա իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են,Մայրենի ծառերու երկրին մէջ Սուրիացի գաղթականները հիւրընկալութեան համար :

Պատրիարքները հուսկ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Պաղեստինի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին, որ կը շարունակէ թրիախ դառնալ Իսրայելեան բռնարարքներուն: Անոնք ամբողջութեամբ մերժած են Երուսաղեմը նկատել որպէս Իսրայելի մայրաքաղաք եւ դեսպանատուներու փոխադրութիւնը:

Ինչ կը հայի Յորդանանին, Պատրիարքները բարձր գոհունակութեամբ արտայայտուած են Յորդանանի մէջ տիրող կայուն եւ խաղաղ համակեցութեան համար: Մինչ Եգիպոսի համար Պատրիարքները կարեւոր համարած են վերանորոգել կրօնային երկխօսութեան գործընթացը, վերացնելով ատելիութեան արարքները եւ երաշխաւորելով հաւասարութիւնը՝ մեկնելով քաղաքացիութեան սկզբունքէն:

Ի վերջոյ 26-րդ համագումարէն բխած պատրիարքներուն պատգամի մէջ- յայտարարուած է որ յաջորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Եգիպտոսի Ղպտի պատրիարքութեան մէջ 25-26 նոյեմբեր 2019ին:

Անոնք ապա կոչ ուղղած են Միջին արեւելքի պետութիւններուն ու քաղաքական ղեկավարներուն ապահովուելու բոլոր քաղաքացիներուն մարդկային իրաւունքները յարգանքը, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներուն միջազգային յայտարարութեան համաձայն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2018, 12:45