Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

«Պոչ խածնելու» հետամուտ:

Մեր լեզուն ունի «Պոչ բռնել», «պոչէն կախուիլ», «պոչ դառնալ», «պոչի պէս անուղղայ» եւ շա՜տ այլ արտայայտութիւններ, որոնք փոխաբերական իմաստով կը գործածուին յաճախ, նոյնիսկ գրական պատկերներու անհաղորդ մարդոց բերանով:
Երկար շարքի մը մէջ մտնելը, որ կարգ ու կանոնի համար որոշուած կ՛ըլլայ, կը կոչուի «պոչ բռնել», որուն մէջ կը կանգնինք ստիպողաբար, երբ մեզի հետ բազմաթիւ մարդիկ ալ նոյն նպատակով ժամանած են այդ վայրը:
Տեսնուած է, որ հերթի մէջ կանգնողները երբեմն աւելի խիստ կը վարուին շարքը խախտողներուն, կամ՝ նոր հասնելով իրենցմէ առաջ անցնելու փորձ կատարողներուն հետ, քան՝ տեղի պաշտօնեան: Անոնք արդարօրէն բողոքի ձայն կը բարձրացնեն, ըսելով, որ իրենք արդէն ժամերով շարքի մէջ կանգնած են եւ իրենց հերթին կը սպասեն: Ուստի, կարգի կը հրաւիրեն օրինազանցները, ամէնէն խիստ դիտողութիւնը ընելով անոնց:
«Պոչէն կախուիլ» արտայայտչաձեւը յաճախ կը գործածուի աւելի ուժեղ, հեղինակաւոր, կամ նիւթապէս հզօր անձի մը ենթակայ դարձող մարդը վարկաբեկելու նպատակով:
«Պոչ դառնալը» աւելի ստորադաս իրավիճակ է, քան՝ «պոչէն կախուիլ»ը, որովհետեւ մինչ առաջինի պարագային ստիպողութիւնն է պատճառը այդ վարքին, երկրորդի պարագային կամաւոր յանձնառութիւնը կը մղէ ենթական, ուղղակի ստրուկ դառնալու այն զօրաւորին, որ իրեն պիտի պաշտպանէ, պիտի հոգայ, պիտի յագեցնէ հարկ եղած ատեն: Ուրեմն, ինքնավստահութեան ամբողջական բացակայութեան մէկ երեւոյթը ի յայտ կու գայ այստեղ, երբ անձ մը յանձն կ՛առնէ ուղղակի «պոչ դառնալ», ուրիշին հրահանգները տեղն ու տեղին գործադրելով, այնպէս ինչպէս շունը իր պոչին հրահանգ կու տայ ոլորուելու եւ վերստին բացուելու:
«Պոչի պէս անուղղայ» արտայայտութիւնը, շատ աւելի առնչուած է բնաւորութեան մէկ գիծին հետ, քան փոխյարաբերական կեանքի: Լսուած խօսք է, որ շան պոչը քառասուն օր մամլակի մէջ պահած են, սակայն հազիւ մամլակը թուլցուցեր են, վերստին ոլորուեր է…։
Մարդկային ընկերութեան կեանքի խաչմերուկներուն վրայ շա՜տ կարելի է հանդիպիլ նման մարդոց, որոնք բառին բուն եւ վաւերական իմաստով անուղղաներ են: Ինչքա՛ն բացատրես անոնց, թէ ի՞նչ է պահանջուածը, կամ՝ թէ ինչպէ՛ս կրնան յաջողիլ այս կեանքին մէջ, չեն կրնար համաձայնիլ քեզի հետ: Վերոյիշեալներէն անկախ ու անոնցմէ շատ աւելի տարբեր հասկացութիւն է «պոչ խածնել» արտայայտութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն թէպէտ շատ կը հանդիպինք, սակայն յաճախ չենք անդրադառնար: Նախ ըսենք, որ «պոչ խածնել»ու դէպքը շատ նեղ շրջանակի մէջ տեղի կ՛ունենայ:
Վստահաբար գիտէք, որ կենդանիները շատ զգոյշ կ՛ըլլան իրենց պոչին: Վտանգի ժամանակ, անոնք զայն կը հաւաքեն, կամ վրան կը նստին: Իրենց մարմինի ամէնէն զգայուն հատուածը եւ հաւասարակշռութիւնը պահող կշիռքն է պոչը: Անոնք ընդհանրապէս չեն թողուր, որ նոյնիսկ հարազատ անձ համարուողը երկար ատեն շոյէ իրենց պոչը:
«Պոչ խածնելու» նախապայման դրինք նեղ միջավայրը: Փակ տարածքը առիթ չի՛ տար փախուստի: Ուրեմն, անոնք, որոնք շատ նեղ եւ փակ տարածքի մէջ են եւ հնարաւորութիւն չունին դուրս գալու, ո՛չ ալ նստելու տեղ ունին իրենց համար, ստիպողաբար զիրար պիտի հալածեն, անընդհատ իրարու «պոչը խածնելու» տեւական փորձեր կատարելով: Յատկապէս շուներու կլոր-կլոր դառնալով իրարու պոչին հասնելու պատկերը կրնայ ծանօթ ըլլալ շատերուն:
«Պոչ խածնել»ու փոխաբերական իմաստը բացայայտ կը դառնայ, երբ սահմանափակ գիտութեամբ մարդիկ, աշխարհագրական միեւնոյն վայրին մէջ երկար տարիներ ապրելով, զիրար լաւապէս կը ճանչնան, իրարու թերութիւններուն մանրամասնօրէն ծանօթ կ՛ըլլան, բայց եւ չեն յոգնիր զիրար հալածելէ, կամ՝ իրարու մասին խօսելէ, մէկը միւսին ծրագիրի յաջողութեան արգելք դառնալէ կամ՝ մէկզմէկու բարձունքի հասնելու վերելքի թափը կասեցնելէ:
Ահա, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին «պոչը խածնել»ու հետամուտ կ՛ըլլան անոնք, երբ ուրիշ ընելիք ալ չեն ունենար: Անոնց միակ նպատակը, միւսին պոչին հասնիլն է:
«Պոչ խածնել»ու հետամուտ ըլլալը մինչեւ հիմա տեղ չէ՛ հասցուցած այս գործին «նուիրեալներ»ը: Միակ յառաջդիմութիւնը, զոր նկատած ենք այս գործընթացին մէջ, մէկուն կամ միւսին պոչին արիւնլուայ դառնալն է, այսինքն՝ այն վէրքը, որ կը գոյանայ այս անիմաստ պայքարի ահեղ վիրաւորանքէն…։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 08:13