Հայկական եկեղեցի Հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Մսավաճառ զոյգ գայլերը:

Մանկական պատմուածքներու ամէնէն տարածում գտածէն՝ «Կարմիր գլխարկիկ»էն մինչեւ ամէնէն քիչ ճանչցուածը, բոլորիս մտածել պէտք է տայ, որ եթէ մարդ արարածը չըլլար, ոչխարը ինչպէս պիտի գոյատեւէր այս աշխարհին մէջ: Չէ՞ որ անտէր ոչխարները բաց դաշտերու մէջ կեր պիտի դառնային վայրի գազաններու, կամ՝ չէ՞ որ անոնք ինքնապաշտպանութեան շատ թեթեւ կարողութիւն ունին: Օրինակ առնենք գառնուկ մը, որ ամենայն կամակատարութեամբ կը հնազանդի հովիւին: Անիկա բնականաբար անասուն ըլլալուն, ըսելիք չունի: Սակայն, միւս կենդանիներէն կը տարբերի անով, որ՝ ընելի՛ք ալ չունի երբ զինք բռնենք: Մինչդեռ կատուի նորածին ձագն անգամ թաթերով կը պաշտպանուի, իր ճանկերը հնարաւորինս լայն բանալով:
Ոչխարին պարագան ամբողջովին տարբեր է միւսներէն: Չարին խաբէութենէն վերջ ստեղծուած թշնամութիւնը աշխարհի վրայ, խանգարում յառաջացուց նաեւ կենդանական աշխարհին մէջ: Երանական նախկին դրութեան մասին դարձեալ կը վկայէ Աստուածաշունչը, պատմելով այն իրավիճակի մասին, երբ.՝ գայլերն ու գառնուկները միասին պիտի արածին:
Ոչխարին ճակատագիրը երբեմն շատ նման է որոշ մարդոց ճակատագրին: Միամիտ, իր տիրոջ ձայնին միշտ զգաստ ունկնդիր, անոր տուած ուղղութիւններուն ամբողջական վստահութիւն ցուցաբերող եւ հնազանդ մարդիկ, ոչխարներու կը նմանին, դրական իմաստով: Անոնք միշտ կը սիրուին իրենց շրջապատէն, իբրեւ համեստ ու անկեղծ մարդիկ:
Վերջապէս ոչխարները խաբել չեն գիտեր, նենգամիտ չեն ըլլար, վնաս հասցընելու կարողութիւն չունին: Մէկ խօսքով եթէ իրենք իրենց գլուխը ազատել կարենան, այսինք իրենց գոյութիւնը պահպանեն, արդէն մեծ յաջողութիւն պիտի համարուի ատիկա իրենց համար:
Արդար մարդն ալ ոչխարի կը նմանցուի առակագիրներուն կողմէ, որովհետեւ արդարը ընդհանրապէս սուտ չի՛ կրնար խօսիլ: Դժբախտութիւնը այն է, սակայն, որ արդարն ու ստախօսը, միամիտն ու խաբեբան, լաւն ու վատը, բարին ու չարը նոյն աշխարհին մէջ կ՛ապրին, միեւնոյն կեանքը բաժնելով:
Իսկական դժուարութիւնը, սակայն, կախեալ է իւրաքանչիւրին հետապնդած շահէն: Անվնաս շահն ու վնասակարը կը տարբերին իրարմէ: Երբ քու շահդ ուրիշին վնաս պիտի հասցընէ, կը նշանակէ որ վնասակար տարր ես մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Իր բարութեան ու ազնուութեան զոհ դարձած փորձառու մարդ մը, առեւտրական կեանքի անցեալ վաթսուն տարիներու ընթացքին «ծեծուած» ըլլալը պատմելով կ՛ըսէր, թէ ինք միշտ ոչխարի դերին մէջ եղած էր: Գիտնալով հանդերձ որ խաբեբայ աշխարհի մէջ է, ան միշտ փորձած էր ճշմարտախօսութեամբ յառաջդիմել, սակայն ինքզինք գտած էր գայլերու վոհմակին մէջ:
Իրենց զաւակներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբող ծնողները երբեք չեն տարակուսիր, որ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին գայլի բնազդով կը գործեն, կամ՝ իրենց ոչխարի փափուկ ու սպիտակ մորթը կը փոխեն, եւ գայլի մուգ գոյնի մորթ կը հագնին:
Կեանքին «պայքար» է. Չարին դէմ, ստախօսներու դէմ, անիրաւ մարդոց դէմ, խաբեբաներու դէմ, եւ կեղծաւորներու դէմ պայքարելու աննահանջ երթ է անիկա: Եթէ պատահականօրէն ծնած ենք այս կեանքին իբրեւ «ոչխարներ», ուրեմն մեր նուիրական պարտականութիւնն է մտնել մարտնչումի այս ցաւալից դաշտը, գայլերու վոհմակներով լեցուն հանդիսարանին դիմաց պայքարելու, մեր մէջքին կապած արդարութեան գօտին, իսկ անկէ կախած ճշմարտութեան սուրը, որովհետեւ այս դաշոյնին երկու կողմերն ալ սուր են, արդարադատութեան եւ ճշմարտախօսութեան կայծքարին վրայ սրուած:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2018, 08:00