Որոնել

Նաւակատիքի պաշտամունք Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցիի Նաւակատիքի պաշտամունք Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցիի 

Նաւակատիքի պաշտամունք Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցիի

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին, ներդրումով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու:

17 Յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու կ՝ենթարկուէր Հալէպի Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը:Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած, երկու տարիներ իրենց կիրակնօրեայ պաշտամունքը ունեցաւ եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը արդէն վերագտած են, իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն ու վերացնել սպիները:
Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին, ներդրումով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու, հովանաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնին, ջանքերով Հալէպի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:
Եկեղեցիի նաւակատիքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօր ժամը 12:30-ին, ներկայութեամբ Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, սուրիական կրօնական եւ պետական մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արք. Պետրոս Միրիաթեանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Համայնքի հոգեւոր հովիւներու, Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու, Իսլամ կրօնաւորներու, Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Պաշտամունքը սկիզբ առաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի 100-րդ Սաղմոսի ընթերցանութեամբ: Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց «Նաւակատիքի Պաշտամունք»ին նուիրուած խորհուրդը, որմէ ետք ժողովուրդին հետ միասնաբար ընթերցեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաւատոյ Հանգանակը:
Հայ Աւետարանական Համայնքի միացեալ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ հոգեւոր երգերով՝ «Քու Հաւատարմութիւնդ Մեծ Է» եւ «Քրիստոսի Թագով Պսակուիլը» հոգեւոր երգերով, առաջնորդութեամբ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ տիկ. Պէթթի Նագգաշեան- Հաթէմի:
Ապա Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան արաբերէնով երախտագիտական խօսք արտասանեց, արծարծելով հետեւեալ գաղափարները. «Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռակոծումը երբեք խոչընդոտ չհանդիսացաւ մեր զօրեղ հաւատքին տկարացման: Վերանորոգուած պատմական արժէք ներկայացնող Էմմանուէլ եկեղեցին երաշխիքն է մեր անկոտրում կամքին:

Տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի կեանքի հակիրճ պատմականը: Անցեալէն ներկայ եւ մանաւանդ անցնող քանի մը տարիներու եկեղեցական կեանքի ծառայութիւններուն մասին, զորս պատրաստեց եւ ներկայացուց օրդ. Ալին Բանոյեանը:
Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ «Եկեղեցւոյ Հիմը» մեներգով իր բաժինը բերաւ Արամ Խաչատուրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի:
Ապա Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը ընթերցեց Աստուածաշնչական հատուած մը հիմնուած՝ Մատթ.16:13-20:
Վերընծայման պաշտամունքի պատգամաբերն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը:
Ան ընդգծեց, թէ եկեղեցին քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, Տէր Յ. Քրիստոսի կողմէ հիմնուած էութիւն մըն է, կազմուած մարդոցմով եւ մարդոց մէջ: Ապա աւելցուց. «Որպէս ժողովուրդներուն մէջէն զատուած հաւաքականութիւն՝ եկեղեցիին անդամները իւրացուցած պէտք է ըլլան զատուած ըլլալու այդ որակը, ինչ որ զիրենք կ՛առաջնորդէ տարբեր ձեւերով ապրելու իրենց կեանքը, որ պիտի յատկանշուի Քրիստոսի շնորհած հաւատքով եւ զայն իրենց անձերուն մէջ աճեցնելու ջանքով»: Հուսկ Վեր. Մ. Գարակէօզեան ըսաւ. «Հաւատքը՝ առաջնորդուած Տէր Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցած ակզբունքներով, պիտի վերածուի քրիստոնավայել կեանքի, Քրիստոսի կեանքին նմանութեամբ եւ որակով, որ պիտի փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն որպէս իրաւ ժառանգորդներու, որովհետեւ աւանդը այդ որակն է, եւ ո՛չ ֆիզիքական կառոյցը»:
Ապա Էմմանուէլ եկեղեցիի երեք սերունդի ներկայացուցիչներ ընթերցեցին փառաբանութեան աղօթք:
Տիար Յովիկ Գերպապեան Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի մեծ ընտանիքի անունով սրտի խօսք փոխանցելէ ետք, որպէս երախտագիտութիւն յուշանուէր մը պարգեւեց Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին, իր անխոնջ գործունէութեան ու կորովին, եկեղեցաշէնքի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ բծախնդիր հետեւելուն համար:
Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան խօսքը արտասանեց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ Իր Եկեղեցիին, ընդհանրական եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիին վերանորոգման համար, աւելցնելով, որ անցեալէն մինչեւ օրս Ան եկեղեցիին, ծառայողներուն եւ ժողովուրդին Քրիստոսի «Բարի Լուր»ը աւետելու, քարոզելու եւ ծառայելու շնորհքով օժտեց: Ետքը Կոչ ուղղեց ժողովուրդին ըսելով. «Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հետ միատեղ ժողովուրդն ալ ծառան ըլլայ իր նորոգութեանը ընդմէջէն, հոգեւոր, ազգային, ընկերային եւ մարդկային աշխատանքին եւ քրիստոնէական առաքելութեանը մէջ»: Աւարտին Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան անունով բարձր գնահատեց Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին ողջախոհ առաջնորդութեան եւ ղեկավարութեան, նամանաւանդ պատերազմական տարիներուն իր ցուցաբերած ծառայութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի յուսատու ժողովուրդին եւ բոլոր աջակիցներուն:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի ներդրումը մեծ էր վերանորոգման ծրագրին իրագործման մէջ: Ան այս առիթով շնորհաւորագիր մը յղած էր, ուր կ՛ըսուէր. «Այսօր, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի վայելչօրէն նորոգուած սրբարանին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութիւնը մեր հաւաքական պատասխանն է Սուրիական գաղութի Փիւնիկի նման յառնող Սուրիոյ հայ գաղութի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄին: Այս տօնական օրուան յաղթանակներուն համար կը մաղթեմ, յարատեւ հաւատարմութիւն եկեղեցիի հանդէպ՝ անսասան պահելու «Աստուած մեզի հետ»ի հարազատ խորհուրդը»: Սոյն գիրը ընթերցեց Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի անունով խօսք արտասանեց Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան: Ան հանգամանօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան եւ Կեդրոնական Մարմինին՝ իրենց հանգամանալից ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհակալութիւն յայտնեց Էմմանուէլ եկեղեցիի հոգաբարձութեան եւ ժողովուրդին՝ իրենց բոլորանուէր ծառայութեան համար: Ապա դիտել տուաւ. «Այսօրուան համախմբումը ուխտի նորոգութիւն է այս եկեղեցիին հիմնադիրին, գլուխին եւ անկիւնի քարին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձին հետ: Ո՛ւխտ է մարտիրոսութեան, մեր նահատակներուն թափած արիւնով օծուն: Եկեղեցին հաստատուն բերդն է հաւատքին»: Ապա եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր անջատուած օղակ մը կրկին ագուցելով մայր օղակին, առաքելութեան մէջ կը դնենք եկեղեցին, զայն կամրջելով հինաւուրց, կենսունակ եւ փառապանծ անցեալին գալիք նորօրեայ սերունդի երազանքներուն, յոյզերուն եւ ակնկալիքներուն հետ»:
Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցաշէնքի վերանորոգման իրենց նիւթական ներդրումը ունեցան՝ Ամերիկայի հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը եւ բարեսիրական, եկեղեցական կազմակերպութիւններ:
Նաւակատիքի Պաշտամունքը եզրափակուեցաւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական Օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք շնորհաւորանքներն ու կարկանդակի հատումը տեղի ունեցան եկեղեցիի վերանորոգուած ներքնասրահէն ներս:

Քաղուաղ Եռագոյն կայքէջէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2018, 08:51