Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

«Յիսուսի Մկրտութիւն» վանքին հողային տարածքը պիտի ենթարկուի ականազերծման աշխատանքներու:

Սուրբ Երկրի Պահակը .«Պատերազմի դաշտէն, խաղաղութեան դաշտի պիտի վերածուի»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2018-ին յունուար ամսոյն, Հալօ Թրասթ ընկերակցութիւն մը, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի Մկրտութիւն վանքի հողային տարածքին վրայ, որ 1967 էն ի վեր ամբողջութեամբ ականներով լեցուած վայրի մը վերածուած է:

Յիսուսի մկրտութեան վանքը, 1641-էն ի վեր եղած է ուխտաւորներուն աղօթատեղին: 1932-ին վանքի մօտ գտնուող տարածքի սեփականութեան իրաւունք կը տրուի լատիններուն : 1956ին կը կառուցուի փոքրիկ եկեղեցի մը եւ կը յանձնուի Երիգովի եղբայրներուն միաբանութեան հոգածութեան:

1967-ին Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ ծագած պատերազմի շրջանին, Յիսուսի մկրտութիւն վանքի տարածքը, նկատուելով վտանգաւոր եւ թիրախ բախումներու, Երիքովի եղբայրները կը հեռանան վանքէն եւ կը լքեն անտէր, որմէ ետք վանքի շուրջ գտնուող աւելի քան 55 էքտար հողային տարածքին վրայ ականներ կը զետեղուին:

2000 թուականին, Սուրբ Յովաննէս Պօղոս Բ Պապին, Սուրբ Երկիր հովուական այցելութեան առիթով, Իսրայելի պետութեան հրամանով թոյլ կը տրուի, ժամանակաւոր կերպով անցք մը բանալ Յիսուս մկրտութիւն վանքի տարածքէն անցնելու համար:

31 հոկտեմբեր 2018-ին, շնորհիւ Հալօ Թրասթ ընկերութեան ջանքերուն, կը որոշուի ամբողջութեամբ ականազերծել Յիսուսի մկրտութեան վանքի հողային տարածքը:

Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Փաթոն ողջունելով Յիսուսի Մկրտութիւն վանքին հողային տարածքի ականազերծման աշխատանքներու ձեռնարկը, ուրախութեամբ արտայայտուած է ըսելով, որ դաշտի մը ականազերծումը միշտ բարի երեւոյթ մըն է, որովհետեւ անիկա համազօր է պատրեզամի դաշտի մը, որ կ՝ուզէ խաղաղութեան դաշտի վերածուիլ:

Վանքին բոլոր տարածքը կապուած է Յիսուսի Մկրտութեան դէպքին: Ականազերծելով եւ վերանորոգելով այդ  տարածքի վրայ գտնուող վայրերը, ուխտաւորներուն համար դարձեալ պիտի դառնայ աղօթքի եւ ուխտագնացութեան վայր:

Յայտնենք թէ Հալօ Թրասթ ընկերակցութեան համաձայն աւելի քան 30000 մք տարածք ականազերծման աշխատանքներուն պիտի ենթարկուին ապա պիտի յայտարարուին ազատ տարածք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2018, 10:45