Որոնել

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցողներուն խմբանկարը Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցողներուն խմբանկարը 

«Կեցցե՛ն երիտասարդները» Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեանի խորհրդածութիւնը

Աշխարհի մէջ յայտնուած զանազան գայթակղութիւններուն առջեւ, որ կարգ մը եկեղեցականներու կողմէ գործուած են, երիտասարդները կը տարակուսին այսօր եկեղեցի երթալու եւ վարդապետի մը վստահելու։

Հռոմի մէջ, Ֆրանցիսկոս Սրբազան Պապը բոլոր աշխարհի բարձրագոյն աստիճանաւոր եկեղեցականները հրաւիրեց, որոնց մէջ կաթողիկէ պատրիարքները, որպէսզի քննեն հարցերը երիտասարդներուն եւ կեանքի ուղղութիւն մը տան քրիստոնեայ նոր սերունդներուն, որոնք ընդհանրապէս հեռացած են Եկեղեցւոյ շրջանակէն եւ հոգիով սրտով նետուած են զուտ աշխարհային կեանքի մը մէջ, զուրկ` հոգեկան որեւէ բնոյթէ։ Բազմաթիւ կարեւոր նիւթերու շուրջ անդրադառնալէ ետք, կը կարծուէր որ Եկեղեցին մասնաւոր կարեւորութիւն չէր տուած երիտասարդներու կազմաւորման եւ հաւատքի մէջ զարգացման։

Այսօր այս պակասը լրացուած է այս Հոկտեմբեր 2018-ի Սիւնհոդոսով։ Մօտաւորապէս 35 երիտասարդներ, կը մասնակցին այս Սիւնհոդոսին, եւ ցոյց տալու համար կարեւորութիւնը, որ Եկեղեցին կու տայ անոնց, Սրբազան Պապը զիրենք դրաւ առաջին կարգին, իր եւ կարդինալներուն առջեւ. ահա տեսանելի նշան մը, որ Եկեղեցին յատուկ տեղ կ՛ընծայէ երիտասարդներուն, ինչպէս նախապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, որ հաստատած էր երիտասարդական համաշխարհային օրերը։

Աշխարհի մէջ յայտնուած զանազան գայթակղութիւններուն առջեւ, որ կարգ մը եկեղեցականներու կողմէ գործուած են, երիտասարդները կը տարակուսին այսօր եկեղեցի երթալու եւ վարդապետի մը վստահելու։ Իրենց մէջ կարծէք սրբազան բան մը խորտակուած է: Անոնք այլեւս կորսնցուցած են իրենց համարումը հանդէպ վարդապետին եւ կամ առաջնորդին, որոնց յանձնուած է փափուկ պաշտօնը իրենց հոգիները առաջնորդելու. շատ սակաւ են անոնք, որ կը խոստովանին եւ կամ հոգեւոր հայր մը ունին։

Խախտում մը յառաջ եկած է ընդմէջ Եկեղեցւոյ եւ երիտասարդներուն, որ աւելի խորացած է արդի հաղորդամիջոցներու բազմացումով. հոն է որ երիտասարդները կը սնանին այն նորութիւններով, որ կ’ընծայուին իրենց եւ զոր կը կարծեն ստանալ շրջելով համացանցին վրայ իրենց մատներուն ծայրով։ Այսօր հաղորդամիջոցները տեղը բռնած են կրօնքին. նոր աստուած մը կայ, որ կը կոչուի Կուկըլ եւ արտառոց գիրք մը կը շրջի, որ է Սմարդֆոնը, ինչպէս նաեւ նոր սուրբեր, սինեմայի եւ երգի աշխարհի աստղերը։

Այստեղ հարց կու տանք, թէ Եկեղեցին արդեօ՞ք վերջնականապէս կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը երիտասարդներու վրայ։ Ահա ինչ որ այս Սիւնհոդոսը կ’ուսումնասիրէ այս օրերուն, միասին ժողովելով երիտասարդներուն հետ, որպէսզի դարմանը գտնէ այս անհաղորդակցութեան։ Անոր եզրակացութիւնները եւ հետեւանքները, որ պիտի ունենան նոր սերունդներու ապագային վրայ պիտի ապացուցանեն, թէ միշտ կարելի է հաղորդակցիլ երիտասարդներուն հետ, պայմանաւ որ գործածուին մասնայատուկ միջոցներ, եւ մանաւանդ կարեւորութիւն ընծայուի իրենց կենսական հարցերուն։

Սիւնհոդոսը կ’ուզէ յատուկէն զբաղիլ այն հարցերով զորս արեւելքէն եկած եւ սոսկալի պատերազմներէ անցած երիտասարդ քրիստոնեաները կու տան, որով հոն, է որ իրենց հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ այպանուած է, իրենց կեանքը նոյնիսկ վտանգի տակ եղած է, իրենց եկեղեցիները քանդուած են, իրենց խորհրդանիշը՝ որ է սուրբ խաչը անարգուած է եւ քանդուած։ Այս բոլորը առանց որ քրիստոնեայ կոչուած երկիրները միջամտեն իրենց ի նպաստ։ Անոնք կորսնցուցած են ամէն յոյս եւ այսօր կը սպասեն որ Եկեղեցին դարձեալ ներշնչէ իրենց հաւատք` հոգեւոր արժէքներու հանդէպ, եւ վստահութիւն` ապագայի նկատմամբ։

Կեցցե՛ն երիտասարդները։ Եկեղեցւոյ անոնց տուած կարեւորութիւնը պիտի կերտէ նոր սերունդները, եւ այսպիսով կարելի պիտի ըլլայ իրագործել հանդիպումը Աստուծոյ երիտասարդներուն հետ։

Քաղուած Եկեղեցին Հայկական Պարբերաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 08:25