Որոնել

Ասթանայի մէջ ժողով Ասթանայի մէջ ժողով 

Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա ընդդիմադիր խմբաւորումներուն կոչ կ՛ուղղեն

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երաշխաւոր երկիրները մտադիր են միացեալ ջանքեր թափել սուրիական սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան առումով

Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւորներ Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան երէկ իրենց ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երաշխաւոր երկիրները մտադիր են միացեալ ջանքեր թափել սուրիական սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան առումով:

Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան մերժեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ գետնի վրայ կացութիւն փոխելու փորձերը եւ սուրիական ընդդիմադիր բոլոր զինեալ խմբաւորումներուն կոչ ուղղեցին` անջատուելու ՏԱՀԵՇ-էն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն:

Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Մոսկուա Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ժողովի արդիւնքը կը նկատէ «դրական»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Ասթանայի մէջ քննարկումներուն ընթացքին ընդգծուած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարուածելու ձգտող անջատողական ծրագիրներու մերժումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 08:00