Որոնել

Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ 

ROACO-ի պատուիրակութեան հանդիպումը Սուրիացի եպիսկոպոսներուն հետ։

Հանդիպումին ընթացքին Կարդինալ Սանտրի յայտարարեց թէ ինք յառաջիկայ օրերուն պիտի բոլորէ իր 75 ամեակը եւ եկեղեցական կանոնագրութեան հիման վրայ պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելքի Եկեղեցիներու օգնութիւն մատուցող ընկերակցութիւններու միութեան՝ «ՌՈԱՔՈՅՒ» բարեսիրական հաստատութեան անդամները նախագահութեամբ Ռոաքոյի նախագահ՝ Կարդինալ Սանտրիի, Միջին Արեւելք կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցան Սուրիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։ Հանդիպումը կայացաւ Լիբանանի Թաանայելի Յիսոսեաններու կեդրոնատեղիին մէջ, ի ներկայութեամբ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ՝ կարդինալ Մարիօ Զենարիի ու Սուրիոյ կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին էին Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրեաթեան Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Արհ  Յովսէփ Արք Առնաութեան՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը։

ՌՈԱՔՈՅԻ եւ Սուրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումի սկիզբը ելոյթ ունեցաւ Յիսուսեան Միաբանութեան կեդրոնատեղիին մեծաւորը, որմէ ետք Արեւելեանն Եկեղեցիներու կառավարիչ՝ Կարդինալ Սամտրի հրաւիրեց եպիսկոպոսները իրենց անձնական վկայութիւնները ներկայացնելու, յանձնարարելով անոնց այնպէս ընել որ այդ վկայութիւններու ընդմէջէն կարելի ըլլայ նաեւ որ Արեւմտեան երկիներու հաւատացեալներ կարողանան այցելել Սուրիան ու իրենց օգնութիւնը ապահովել տեղական եկեղեցւոյ։

Հանդիպումին առթիւ Կարդինալ Սանտրի յայտարարեց նաեւ թէ ինք յառաջիկայ օրերուն պիտի բոլորէ իր 75 ամեակը եւ եկեղեցական կանոնագրութեան հիման վրայ պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը։ Այս ըսելով Ծիրանաւորը հրաւիրեց իր եղբայրակիցները սորվիլ հրաժեշտ առկել ու չի կապուիլ աթոռին եւ իշխանութեան ու եպիսկոպոսական առաքելութիւնը ապրիլ որպէս ծառայութիւն։

Մատնանշելով ապա եկեղեցական ինչքերու մատակարարութեան՝ Կարդինալ Սանտրի խրատեց այդ մէկը ընել թափանցիկութեամբ ու զանազանութիւն դնելով անձնական ու հասարակական ինչքերու միջեւ ու այդ մէկը ընել նաեւ օգտագործելով տնտեսութեան օրէնքները։

Մինչ Սուրիոյ ապագայի նոր սահմանադրութեան մը ծրագրի ծիրէն ներս, Ծիրանաւորը թելադրեց որ բոլոր եկեղեցիները իրենց սատարը բերեն այդ սահմանադրութեան շարադրումին, յատկապէս ընդգծելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան հայող կարեւոր կէտեր՝ ինչպէս կրօնի ազատութիւնը, լիիրաւ  քաղաքացիութիւնը, խօսքի ազատութիւնը եւայլն....։

Կարդինալ Սանտրիէն վերջ խօսք առաւ Պապական Նուիրակը՝ կարդինալ Զենարին որ տեղեկացուց թէ Սուրիոյ մէջ կայ մեծ սպառնալիք մը այն է աղքատութիւնը։ «Արդարեւ ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն բնակչութեան 70 առ հարիւրը կ՛ապրի յետին աղքատութեան մէջ» ըսաւ Ան, այս մէկը նկատելով Սուրիոյ Ժողովուրդին համար վտանգաւոր «ռումբ» մը։

Կարդինալ Զենարիէն ետք խօսք առին հաւաքին ներկայ գտնուող եպիսկոպոսները, իւրաքանչիւրը ներկայացնելով իրեն ծուխին իրավիճակը։ Այս ուղղութեամբ Արհ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեան նշեց թէ Պատերազմէն առաջ Հայ Կաթողիկէ համայնքը Հալէպի մէջ ունէր 20 հազար հաւատացեալ իսկ այսօրուայ տուեալներուն համաձայն կան  միայն 7 հազար հաւատացեալներ։ «7 Եկեղեցիներէն՝ երեքը կործանուած են ու առ այժմ կը գործեն չորս դպրոցներ մինչ Գամիշլիէի թեմը որ այժմ կը գտնուի Քրտական տիրապետութեան տակ, ունի գործող երկու եկեղեցի եւ երկու դպրոց» յայտնեց Գերապայծառ Միրեաթեան դիտել տալով թէ «Պատերազմէն առաջ Հայ Կաթողիկէ համայնքը ինքնաբաւ էր ու կարողութիւնն ունէր նաեւ օգնութեան հասնելու միւս թեմերուն մինչ այսօր ան կ՛ապրի մեծ տագնապ։

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը իր կարգին ներկայացուց թեմին իրավիճակը ապա մատնանշեց եկեղեցիներու  միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան, ընդգծելով նաեւ Սուրբ Աթոռի դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս յարաբերութիւններու ու կամուրջներու կառուցող։

Այս առընչութեամբ Գերապայծառ Միրեաթեանը նշեց թէ առաջիկայ 2019-ի Փետրուարին, Հալէպի մէջ գումարուած է միջ-թեմական սիւնհոդոս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հալէպի կաթողիկէ եկեղեցիներու բոլոր եպիսկոպոսները, միասին որոնելու համար հարցերու պատասխաններ ու ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն լուծումներ։

Սուրիայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք ՌՈԱՔՈՅՒ պատուիրակութեան անդամները այցելեցին լիբանանի մէջ գործող եկեղեցական ու բարեսիրական զանազան հաստատութիւններ որոնց շարքին նշենք ՝ Յիսուսեաններու՝ գաղթականներով զբաղող մէկ կեդրոնը եւ  Մարոնիներու «USEK» համալսարանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 13:20