Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ 

«Ռոաքօ»ի յոբելեանը Լիբանանի մէջ։

Ռոաքոյի պատուիրակութիւնը հուսկ հիւրը հանդիսացաւ Գրիգոր Պետրոսս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելքի Եկեղեցիներու օգնութիւն մատուցող ընկերակցութիւններու միութեան՝ «ՌՈԱՔՈՅՒ» բարեսիրական հաստատութեան հիմնադրութեան 50 յոբելեանին առթիւ Ռոաքոյի նախագահ՝՝ Կարդինալ Սանտրի եւ Ռոաքոյի անդամները  ուխտագնացութեամբ մեկնած են լիբանան ուր հանդիպումներ ունեցան տեղական եկեղեցւոյ անդամներուն հետ որոնց շարքին նաեւ յատուկ հանդիպումներ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, Ասորի կաթողիկէներու Եունան Պատրիարքին հետ ու Կարդինալ Ռայիին հետ։

Ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ կիրակի 11 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան «Յովհաննէս Պօղոս Բ»ի անուան դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներու նուիրուած հաստատութեան մօտ, ապա ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Ռոաքոյի անդամները այցելեցին Լիբանանի բարեսիրական հաստատութիւններ ու Լիբանանի Քարիթասի զանազան կեդրոններ, որոնց շարքին էր նաեւ Պուրճ Համմուտի կեդրոնը։

Ռոաքոյի պատուիրակութիւնը հուսկ հիւրը հանդիսացաւ  Գրիգոր Պետրոսս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին ուր կարողացան մօտէն ծանօթանալ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութեան, ըլլայ Լիբանանի ըլլայ սփիւռքի մէջ։

Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» սրբավայրին մէջ մատուցուեցաւ նաեւ Սուրբ Պատարագ  որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ եղբայրական ագապ մը ուր այնտեղ տեղի ունեցած ելոյթներու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Եկեղեցւոյ սիրոյ առաքելութեան յատկութեան վրայ։ Սէր ու ողորմութիւն որով եկեղեցին կոչուած է բացայայտելու Աստուծոյ դիմագիծը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 13:49