«Մաքուր աչքերը էական են» «Մաքուր աչքերը էական են»  

«Մաքուր աչքերը էական են» Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

«Հերովդէս...կ'ուզէր Յիսուսը տեսնել» (Ղկ 9,9)

Շշուկներ շրջանէ շրջան կը շրջին: Ձաբռտուքներ ամէնուրեք կը տարածուին: Ո՞վ է այս Նազովրեցի Յիսուսը: Ո՞ւրտեղէն կու գայ եւ ի՞նչ կ'ուզէ: Մի՞թէ իր գերեզմանէն ելած Յովհաննէս Մկրտիչն է, թէ վերստին ծնած Եղիա մարգարէն եւ կամ թէ՝ Գալիլեացի ամբոխավար մը:

Թագաւորը կը գտնուէր անախորժ կացութեան մը առջեւ: Ան նախապէս, լռութեան մատներ էր Յովհաննէս Մկրտիչը՝ զայն գլխատել տալով, որպէսզի ոչ մէկը համարձակէր զինք անհանգստացնել: Իսկ հիմա, կարծես թէ Յիսուսի ներկայութիւնն ու Անոր քարոզութիւնը իր խիղճը ցնցեր էին՝ իր գործած զզուելի ոճիրին պատճառով:

Աստուած, յանձին Յովհաննէս Մկրտիչին, փորձած էր զինք զգաստացնել. իսկ այժմ, յանձին Յիսուսի, կը ջանայ զայն զղջումի մղել: Այնուհանդերձ, Հերովդէսի տեսողութիւնը աղոտած էր, խիղճը՝ թմրած: Գիտակից ըլլալով հանդերձ իր ապրած մեղանչական վիճակին ու գործած քստմնելի մեղքին՝ թագաւորը չէր ուզէր փոխել իր պարսաւելի ապրելաոճը, փարատել իր աչքերուն վնասող անամօթ մշուշը եւ իր հաւատքին լոյսը պղտորող անառակութիւնը:

Հայ մատենագիր ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ իր հեղինակած «Եղծ Աղանդոց» հատորի նախաբանին մէջ կը գրէր. «Նա եւ որ ընդ ճառագայթս արեգականն հայել կամիցի, պարտի զպղտորութիւն աչացն՝ զաղտն եւ զբիժն ի բաց պարզել, զի մի' մթարքն՝ որ զբբաւքն շողայցեն, արգել հայելոյ ի յստակութիւն լուսոյն լիցին»:

Կասկած չկայ, որ մեզմէ ո'չ մէկը նման է Հերովդէսին: Սակայն, Հերովդէսի պէս, թերեւս մենք եւս կը փափաքինք Տէրը տեսնել. Մինչ այդ, մեր տեսանելիքը մթագնած ու խանգարուած է կարգ մը պատուիրանազանցութիւններու  եւ անկարգութիւններու հետեւանքով: Թէեւ, ոխակալութիւնը, դառնութիւնը, վախերն ու անձկութիւնը կրնան մեր տեսադաշտը մշուշապատել, սակայն, ոչինչ կրնայ մեր աչքերը փակել՝ մեր խղճալի յանցագործութեան գիտակցելու, մեր կամքը անդամալուծել՝ առողջ որոշումներ առնելու, եւ Աստուծոյ շնորհքէն զրկել՝ սրբութեամբ ապրելու, քան՝ մեր անապաշխար ու անզեղջ կամակորութիւնը մեղքին նկատմամբ:

Յովհաննէս Մկրտիչ լոյս սփռեց Հերովդէսի մեղքին վրայ՝ խարազանելով անոր ապօրինի կենակցութիւնը: Այն ժամանակ, թագաւորը լաւագոյն պատեհութիւնն ունէր զղջալու ու 3 պատուաւոր ելք մը գտնելու իր անբարոյ կեցուածքէն. ընդհակառակը, ան որոշեց մարգարէին ձայնը առ յաւէտ լռեցնել ու «յանցաւորապէս ամբարշտանալ»՝ (Նարեկացի) իր խիղճը արատաւորելով ու անդարձ դատապարտուելով, որովհետեւ ճշմարտութիւնը յամառութեամբ անտեսելով «աններելի մեղք կը գործէր Սուրբ Հոգւոյ դէմ»:

Սուրբ Հոգին կրնայ ցրուել մեր աչքին առջեւէն ամէն ամպ եւ խափանել մեզի սպառնացող ամէն վտանգ, բաւ է, որ զղջումի ճամբով գործակցինք Անոր հետ. օրինակի համար, սովորութիւն դարձնելով ամէն օր չպառկած զղջումի ներգործութիւնը արտասանել, եւ այդպիսով սրել մեր տեսողութիւնը զգալու համար Տիրոջ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Սուրբ Օգոստինոս կ'ըսէր. «Կը վախնամ չտեսնել քովէս անցնող Քրիստոսը»:

Ամէն իրիկուն, աչքէ անցընենք մեր աւարտած օրը եւ հայցենք Սուրբ Հոգւոյ օգնութիւնը, առանձնացնելու համար՝ մտքով, խօսքով, գործով կամ զանցառութեամբ գործած մեր մեղքերը: Ապա, ամենայն պարզութեամբ ու որդիական ակնածանքով Աստուծմէ ներում հայցենք. իսկ եթէ ծանր է մեր մեղքը, չվարանինք, առաջին առիթով Խոստովանանքի խորհուրդին դիմելու, որպէսզի մեր հոգին մաքրուի, մեր խիղճը հանգստանայ եւ Տիրոջ հետ մեր բարեկամութիւնը վերահաստատուի:

 Շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ իր ցուցաբերած գթասրտութեան եւ տածած անճառելի սիրոյն համար: Իսկ մեր տեսողութիւնը հետզհետէ պիտի պայծառանայ երբ պատեհութիւնը ընծայենք Սուրբ Հոգւոյն՝ ներգործելու մեր սրտէն ներս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2018, 08:09