Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի 

Վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին:

Ո՜վ լռութիւն՝ աղօթքներու մէջ հանդարտեցնող, ընթերցումներու մէջ հանգստացնող, անդորր նաւահանգիստ, անխռով հանգստարան։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Այսօրուան հաղորդումին մէջ վերջին անգամ մըն ալ կը ներկայացնենք դրուագներ անապատի սուրբ հայրերու կենցաղէն կամ վարքէն։ Անոնք կրնան մեր ականջներուն խորթ թուիլ, սակայն կը ցոլացնեն կրօնաւորական կեանքի սկսզբնական պատկերը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անոր էութիւնը՝ ձգտիլ կատարելութեան։

«Հայր Տիմոթէոս եւ անոր եղբայրը գրագիր էին Սկետէի մէջ եւ կը խռովէին եղբայրներէն։ Տիմոթէոսը ըսաւ իր եղբօր՝ ʼՄեզի ի՞նչ պէտք է այս արհեստը, որ ամբողջ օրը մեզի հանգիստ չի տարʼ։ Հայր Պօղոս ըսաւ անոնց՝ ʼՄեզի աւելի քան բաւ է գիշերուան լռութիւնը, եթէ մեր մտքերը արթուն ըլլան Աստուծոյ հանդէպʼ։

Հայր Անտոնիոսը ըսած է դարձեալ՝ ʼՈվ որ անապատի մէջ կը բնակի եւ կը ստանայ լռութիւն, երեք պատերազմ կը վանէ իր անձէն՝ լսողութեան, տեսողութեան եւ շատախօսութեան, եւ իր սրտին մէջ կը պահէ Միակըʼ։

Աբբա Արսենիոսը, երբ պալատի մէջ էր, աղօթեց Աստուծոյ եւ ըսաւ՝ ʼԱռաջնորդէ զիս, Տէ՛ր, թէ ի՛նչպէս ապրիմʼ։ Եւ ձայն մը եկաւ անոր երկնքէն եւ ըսաւ՝ ʼԱրսենիոս, փախի՛ր մարդոցմէ եւ կʼապրիսʼ։

Աբբա Մակարիոսը հարցուց Աբբա Արսենիոսին՝ ʼԱրսենիոս, ինչու՞ կը փախչիս մեզմէʼ։ Ծերը անոր ըսաւ՝ ʼԱստուած գիտէ, որ կը սիրեմ ձեզ, սակայն չեմ կարող միաժամանակ ե՛ւ Աստուծոյ ե՛ւ մարդոց հետ ըլլալ։ Այնտեղ՝ վերը, հազարաւորներ եւ բիւրաւորներ մէկ կամք ունին, բայց մարդիկ բազմադիմի կամքեր ստացան, ուստի չեմ կարող Աստուծմէ հեռանալ եւ ըլլալ մարդոց հետʼ։

Եղբայր մը գնաց Սկետե՝ Հայր Մովսէսի մօտ, եւ կը խնդրէր անկէ՝ խօսք մը ըսել իրեն։ Եւ ծերը անոր ըսաւ՝ ʼգնա՛ եւ լռութիւն պահէ քու խուցիդ մէջ, եւ քու խուցդ քեզի պիտի սորվեցնէ ամէն ինչʼ։

Աբբա Սիսոյի աշակերտ Հայր Աբրահամը ըսաւ անոր՝ ʼԾերացար, հա՛յր, քիչ մը մօտենանք աշխարհինʼ։ Ծերը ըսաւ անոր՝ ʼՈրտեղ կին չկայ, այնտե՛ղ երթանքʼ։ Աշակերտը ըսաւ՝ ʼՈւ՞ր կայ այդպիսի տեղ, ուր կին չկայ՝ բացի անապատէնʼ։ Եւ ծերը ըսաւ՝ ʼՈւրեմն երթանք անապատʼ։

Եղբայր մը հարցուց ծերին՝ թէ ի՛նչ է լռութիւնը եւ թէ ո՛րն է անոր օգուտը։ Եւ ծերը անոր ըսաւ՝ ʼԼռութիւնը այն է, երբ մէկը լռութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղով կը նստի իր սենեակին մէջ եւ կը խուսափի յիշաչարութենէն եւ բարձրամտութենէն։ Այսպիսի լռութիւնը կը ծնի արիութիւն եւ կը պաշտպանէ մենակեացը թշնամիի բոլոր հրացայտ նետերէն՝ աներկիւղ պահելով անոր հարուածներէն։ Ո՜վ լռութիւն, սանդուղք դէպի երկինք, ո՜վ լռութիւն՝ առաքինութիւններու մայր, ո՜վ լռութիւն՝ ապաշխարութեան ընդունող, ո՜վ լռութիւն՝ մեղանչածներու հայելի, որ ցոյց կու տաս մարդոց իրենց գործերը։ Ո՜վ լռութիւն՝ հեզութեան մայր, ո՜վ լռութիւն՝ արցունքներու եւ հառաչանքներու նպաստացուցիչ, ո՜վ լռութիւն՝ նվաստութեան տաղաւար, ո՜վ լռութիւն՝ որ խաղաղութիւն կը բերես մարդուն, ո՜վ լռութիւն՝ հոգին պայծառացնող, ո՜վ լռութիւն՝ հրեշտակներու կցորդակից, ո՜վ լռութիւն՝ մտքի լուսաւորութիւն, ո՜վ լռութիւն՝ որ լծորդ ես Աստուծոյ երկիւղին, մտքերու տեսուչ եւ դատաստանի ցաւակից։ Ո՜վ լռութիւն՝ բոլոր բարիքներու ծնող, պահեցողութեան ջանք, լեզուի երասան եւ որկրամոլութեան արգելք, ո՜վ լռութիւն՝ աղօթքներու մէջ հանդարտեցնող, ընթերցումներու մէջ հանգստացնող, անդորր նաւահանգիստ, անխռով հանգստարան։ Ո՜վ լռութիւն՝ աղաչանք առ Աստուած, երիտասարդներու զէնք, մտքերու անպղտոր պահապան, անխռով ուղղորդիչ։ Ո՜վ լռութիւն՝ քաղցր լուծ եւ թեթեւ բեռ, որ կը հանգստացնես եւ կը թեթեւացնես անոնք, որոնք վերցուցած են քու բեռդ։ Ո՜վ լռութիւն՝ վայելչագեղ սրտերու եւ անձերու, ո՜վ լռութիւն, որ քու մէջդ միայն Քրիստոսը կը յիշեցնես եւ աչքի առջեւ ունիս մահը։ Ո՜վ լռութիւն՝ աչքերու եւ լեզուի զսպող պախուրց, ո՜վ լռութիւն՝ օր ու գիշեր Քրիստոսի հետեւող եւ լապտերը անշէջ պահող, որովհետեւ միայն անոր կը տենչաս եւ կը սաղմոսես հարազատաբար՝ ʼՊատրաստ է իմ սիրտս, Աստուած իմ, պատրաստ է իմ սիրտսʼ։ Ո՜վ լռութիւն՝ գրգռութեան անվարժ, հառաչանքներ արձակող դէպի Ան, որ ստեղծեց քեզ, ո՜վ լռութիւն՝ լրբութիւնը ատող եւ Քրիստոսի արթնութեամբ սպասող։ Ո՜վ լռութիւն՝ անդաստան Քրիստոսի, ո՜վ լռութիւն՝ բարեպաշտութեան մայր, ո՜վ լռութիւն՝ չարչարանքներու կապանք, ո՜վ լռութիւն՝ կենաց ծառ, բարութեան պտուղ տուող։ Այո՛, այո՛, եղբա՛յր, ըրէ՛ այս մաէնը՝ ամէն ինչի մէջ յիշելով մահըʼ։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 08:45