Որոնել

 Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի 

Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին:

Այսօր կը մէջբերենք «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն օրինակներ մեծ անապատականներու եւ սուրբ միայնակեացներու վարքէն, ունենալու համար որոշ պատկերացում մը միայնակեացներու առօրեայ կեանքէն։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

«Հանդարտութիւն»ը միայնակեցական կամ վանական աւանդութեան մէջ ունի մեծ նշանակութիւն։ Հանդարտութիւն ըսելով միայնակեացը կամ վանականը կը հասկնայ հոգեկան այն վիճակը, ուր մարդ արարածը կը վայելէ ազատութիւն, անջատուած ըլլալով երկրային կապուածութիւններէ եւ հետաքրքրութիւններէ, որոնք կը յուզեն եւ կը խռովեն հոգին, զայն հեռացնելով էականէն։ Վերջին հաղորդումներուն մէջ լսեցինք բազմաթիւ խրատներ եւ յորդորներ, որոնք անապատի հայրերը, փորձառու միայնակեացները՝ «ծեր»երը կʼուղղեն իրենց աշակերտներուն եւ եղբայրակիցներուն։ Այսօր  կը մէջբերենք «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն օրինակներ մեծ անապատականներու եւ սուրբ միայնակեացներու վարքէն, ունենալու համար որոշ պատկերացում մը միայնակեացներու առօրեայ կեանքէն։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Եղբայր մը նստած էր իր խուցին մէջ, եւ սատանան անոր մէջ սերմանեց մտածում մը, որ դուրս գայ իր խուցէն՝ ըսելով անոր, թէ հարկաւոր է երթալ այսինչ ծերին մօտ։ Իսկ ան ըսաւ՝ ուրիշ անգամ կʼերթամ։ Խորհուրդը դարձեալ ըսաւ անոր՝ ʼեթէ յանկարծ ծերը մեռնի, եւ այդպէս դուն զայն չես տեսներ։ Հիմա անմիջապէս պէտք է երթաս, տեսնես զայն եւ խօսիս հունձքի մասինʼ։ Եղբայրը իր մտածումին ըսաւ՝ ʼհիմա հունձքի մասին խօսելու ժամանակը չէʼ։ Դարձեալ սատանան անոր խորհուրդ տուաւ եւ ըսաւ. ʼել, գնա՛. մինչ ծերը տեսնես եւ քիչ մը եղիճ հաւաքես քեզի համար, հունձքի ժամանակը կու գայʼ։ Ան ըսաւ՝ ʼԵրբ աւարտեմ ձեքիս մնացած այս մի քանի արմաւի ոստերը հիւսեր, կʼելլեմʼ։ Իսկ մտածումները ըսին անոր՝ ʼքանի դեռ եղանակը տաք եւ գարնանային է, ել եւ գնա՛ʼ։ Եւ ան, ձեռագործը թողլով, դուրս ելաւ եւ գնաց, իսկ անոր դրացի ծերը, տեսնելով զայն, կանչեց եւ ըսաւ՝ ʼգերեա՛լդ եւ աւարի գացո՛ղդ, եկու՛ր այստեղʼ։ Երբ եղբայրը մօտեցաւ, ծերը ըսաւ՝ ʼԴարձիր քու խուցդʼ։ Եղբայրը պատմեց անոր այն պայքարին մասին, որ տեղի ունեցաւ իր մէջ։ Յետոյ երբ մտաւ իր խուցը, ինկաւ գետին եւ զղջալով թողութիւն խնդրեց Աստուծմէ։ Իսկ դեւերը բարձր ձայնով աղաղակելով ըսին՝ ʼԴուք, միայնակեացներդ, յաղթեցիք մեզիʼ։ Խսիրը անոր տակ կրակի պէս այրեցաւ, դեւերը որպէս ծուխ ցրուեցան, եւ եղբայրը հասկցաւ անոնց նենգութիւնը։

Եղբայր մը հարցուց Հայր Արսէին եւ ըսաւ՝ ʼՄտածումներս զիս կը խռովեցնեն, ըսելով՝ չես կրնար աշխատիլ եւ ոչ ալ պահեցողութիւն ընել. գնա՛ հիւանդը խնամէ. այդ ալ մեծ գործ էʼ։ Ծերը, անմիջապէս ճանչնալով սատանային սերմանածը, ըսաւ անոր՝ ʼգնա՛ կե՛ր, խմէ՛, ննջէ՛ եւ մի՛ աշխատիր, միայն թէ խուցէդ դուրս մի գար՝ գիտնալով այն, որ խուցին մէջ առանձին նստիլն է որ միայնակեացը կը պահէ իր կարգին մէջʼ։ Եւ ան այդպէս ըրաւ երեք օր. կʼուտէր, կը խմէր եւ կը քնանար։ Ապա յագենալով ձանձրացաւ, վերցուց արմաւենիի տերեւները եւ հերձեց։ Յաջորդ օրը սկսաւ հիւսել, եւ երբ անօթեցաւ, ըսաւ՝ ʼՔիչ արմաւենիի ոստ մնաց, անոնք ալ վերջացնեմ, յետոյ կը ճաշեմʼ։ Եւ երբ վերջացուց, ինքն իրեն ըսաւ՝ ʼՔիչ մը կարդամ, յետոյ կը ճաշեմʼ։ Երբ կարդաց, ըսաւ՝ ʼՔանի մը սաղմոս ալ ըսեմ, յետոյ կը ճաշեմʼ։ Եւ այսպէս քիչ-քիչ կʼաճէր եւ կը յառաջադիմէր՝ իր անձը յանձնելով Աստուծոյ, մինչեւ որ կարգի մտաւ։ Այնուհետեւ գոտեպնդուելով մտածումներուն դէմ՝ կը յաղթէր անոնց։

Օր մը Հայր Յովսէփը շատ ծանր հիւանդացաւ եւ լուր ղրկեց Հայր Թէոդորոսին, թէ՝ ʼՔանի դեռ չեմ ելած մարմնէս, եկու՛ր որ քեզ տեսնեմʼ։ Քանի որ Աւագ Շաբաթ էր, Հայր Թէոդորոսը չուզեց երթալ եւ անոր հաղորդեց հետեւեալը՝ ʼԿը սպասեմ մինչեւ կիրակի օր, յետոյ կու գամ. իսկ եթէ երթաս, այն աշխարհի մէջ կը տեսնենք իրարʼ։

Ծեր մը կը պատմէր, թէ երեք մտերիմ ճգնասէրներ կային։ Երեքն ալ մենակեացներ էին, սակայն իրարմէ տարբեր խորհուրդներ ունէին. անոնցմէ մէկը ուզեց ընտրել ճանապարհորդութիւնը, եւ որտեղ վէճ եւ կռիւ կար, խաղաղութիւն կը հաստատէր՝ ըստ Տիրոջ խօսքին, թէ՝ ʼԵրանի խաղաղարարներունʼ։ Երկրորդը նախընտրեց հիւանդախնամ ըլլալ, իսկ երրորդը գնաց անապատ, որպէսզի այնտեղ հանգիստ գտնէ։ Այս բաժանումէն յետոյ առաջինը՝ չափազանց հոգնատանջ՝ մարդոց թշնամանքներու եւ կռիւներու պատճառով չկարողացաւ կատարել այս ամէնը եւ վհատած՝ եկաւ հիւանդախնամին մօտ եւ զայն նոյնպէս գտաւ խռովեալ վիճակով, որովհետեւ ան նոյնպէս չէր կարողանար կատարել պատուիրանը (Մտթ ԻԵ. 36-44)։ Եւ անոնք միասին գացին անապատականին մօտ։ Իրար տեսնելով ուրախացան, եւ այս երկուքը անոր պատմեցին իրենց նեղութիւններուն մասին եւ խնդրեցին, որ պատմէ իրենց, թէ ինչպիսի արդիւնքի հասած էր ան։ Իսկ անապատականը ոչինչ չպատասխանեց, ապա որոշ ժամանակ անցած անոնց ըսաւ. ʼԵկէք երթանք մէկական սափոր ջուր բերենքʼ։ Եւ երբ բերին, անոնց ըսաւ՝ ʼԼեցուցէք այդ ջուրը այս թասին մէջ եւ ծռելով նայեցէք ջուրին։ Ի՞նչ կը տեսնէքʼ։ Անոնք ըսին՝ ոչինչ։ Եւ երբ ջուրը դադրեցաւ շարժելէ, անոնց ըսաւ՝ ʼԴարձեալ ծռեցէք եւ նայեցէք ջուրին. այժմ ի՞նչ կը տեսնէքʼ։ Երբ անոնք պատասխանեցին, թէ՝ մեր դէմքերը յստակ կը տեսնենք, անոնց ըսաւ՝ ʼԱյդպէս է նաեւ պարագան անոր որ մարդոց մէջ կը բնակի, որովեհետեւ խռովքներու պատճառով չի կրնար մեղքերը տեսնել, իսկ երբ անապատին մէջ հանդարտութիւն կը գտնէ, այն ժամանակ յստակ մտքով կը նայի Աստուծոյʼ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2018, 10:20