Որոնել

Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան 

Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի գահակալութեան արարողութիւնը՝ 10 նոյեմբերին։

Արհիապատիւ Հայր Եղիա Եպս Եղիայեան Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմին առաջնորդ ընտրուեցաւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի կողմէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 10 նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի 3-ին, Փարիզի «Saint Etienne du Mont» Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ  Փարիզի Լատինաց Թեմին Արքեպիսկոպոս՝ Արհ Միշել Օբըթիի ու ներկայութեամբ Ֆրանսայի մօտ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Լուիճի Վենթուրայի տեղի կ՛ունենայ  Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց՝  Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին  Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի գահակալութեան արարողութիւնը։

Արհիապատիւ Հայր Եղիա Եպս Եղիայեան  Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմին առաջնորդ ընտրուեցաւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի կողմէ  ապա անոր անուանումը Քահանայապետական կոնդակով վաւերացուեցաւ 23 յունիս 2018 թուականին, մինչ եպիսկոպոսական օծումը կատարուեցաւ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին օրը՝ 12 օգոստոս 2018-ին, Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած Հայրապետական սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն հանդիսապետեց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Հայր Եղիա Եղիայեան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։  Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամակցելով՝Քահանայ ձեռնադրուածէ 24 մարտ 1974-ին։

Ան հովուական ծառայութիւնը մատուցած է որպէս Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն, Զմմառու վանքի փոքր նորընծայարանի տեսուչ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի տեսուչ ապա ԶմմառուՎանքի միաբանութեան վարչութեան անդամ եւ Վանքի ընդհանուր մատակարար։ Բացի Արաբերէնէն եւ Հայերէնէն ան կը խօսի նաեւ Իտալերէն եւ Ֆրանսերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2018, 14:38