Որոնել

Խաժակ Արք Պարսամեան Խաժակ Արք Պարսամեան 

Հարցազրոյց Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի հետ։

Զրոյցի ընթացքին Խաժակ Սրբազան ներկայացուց իր նոր պաշտօնի մասին մանրամասնութիւններ

Վերջերս Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութեան այցելութիւն տուաւ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Սրբազանը մի քանի ամիսէ ի վեր կը գտնուի Հռոմի մէջ ուր՝ աւարտելէ ետք է ԱՄՆ-ի Արևելեան Թեմի Առաջնորդի իր պաշտօնը ստանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելական պատուիրակի նոր պաշտօնը։

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան ծնած է Թուրքիոյ մէջ է 1951 թուականին ու նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ, ապա ուսանած է Երուսաղէմի մէջ հուսկ ձեռնադրուած աբեղայ եւ 1973-ին ընդունած է Վարդապետական աստիճանը։ 

Եւրոպայի եւ ԱՄն-ի կարեւոր համալսարաններու  մէջ աւարտելէ ետք իր մասնագիտական ուսումները Խաժակ Սրբազան 1990-ին ընտրուած է ԱՄՆ-ի Արևելեան Թեմի Առաջնորդ՝ ու այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 2018-ի մայիս ամիսը։

Զրոյցի ընթացքին Խաժակ Սրբազան ներկայացուց իր նոր պաշտօնի մասին մանրամասնութիւններ ու խօսեցաւ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի վերջին ժողովի մասին։

Ունկնդրէ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2018, 10:53