Որոնել

Արհ. Գերպ. Դաւիթեան, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրանի այլ երկու եպիսկոպոսներ Արհ. Գերպ. Դաւիթեան, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրանի այլ երկու եպիսկոպոսներ 

Զրոյց Հանդիպում Իրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհ Սարգիս Եպիսկոպոս Դաւիթեանի հետ։

Իրանի հայ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը որ ստեղծուած է 1850-ի ապրիլ 30-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 նոյեմբեր 2018-ի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց  Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն որոնց շարքին էր նաեւ Արհիապատիւ Սարգիս եպիսկոպոս Դաւիթեանը՝  Իրանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդը։

Իրանի 80 միլիոն  բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Շիիթ Իսլամներ են մինչ քրիստոնեաներու թիւը կը հասնի վաթսուն հազարի։ Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ տարբեր հասարակութիւններէն, որոնց շարքին է  նաեւ հայ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը որ ստեղծուած է  1850-ի ապրիլ 30-ին։

Իրանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս «Վատիկան Նիուզ»-ի հայկական բաժինը առիթը ունեցաւ հանդիպելու ու զրուցելու Արհ. Սարգիս եպիսկոպոս Դաւիթեանի հետ։ Կից կը ներկայացնենք հարցազրոյցը։

Ունկնդրէ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 08:33