Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Կիրակի 18 Նոյեմբեր 2018 Առաջին Կիրակի Յիսնակաց

Տէր, մեզի աղօթել սորվեցուր (Ղուկաս 11, 1-13)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր կը սկսի հայկական ծէսի մէջ Յիսնակաց շրջանը. Այս ժամանակամիջոցը, որ կը տեւէ յիսուն օր, կը ծառայէ քրիստոնէաներուն` պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօներուն։ Պատրաստութիւնը նախ հոգեւոր է եւ կը կատարուի գլխաւորապէս աղօթքով, եւ նաեւ մարմնաւոր է, որ կը կատարուի այաշխարանքով եւ պահեցողութեամբ, թէպէտ Եկեղեցին միայն առաջին շաբթուայ համար պահք կը պահանջէ։
Հետաքրքրական է որ այսօրուայ աւետարանը մեզի կը մէջբերէ այն դէպքը ուր առաքեալները, հաւաքուած Յիսուսի շուրջը, կը խնդրեն իրենց վարդապետէն որ իրենց սորվեցնէ աղօթք ընել. Այսքան ժամանակ իր հետն էին եւ սակայն չէին գիտեր աղօթել, որով իրենց աղօթքը հիմնովին կը կայանար սաղմոսներ երգելով կամ զանոնք ունկնդրելով։ Այս նոյն կացութեան կը հանդիպինք այսօր մեր եկեղեցիներուն մէջ, ուր հաւատացեալները կը մասնակցին պատարագին պարզապէս ունկնդրելով պատարագ մատուցող վարդապետին, սարկաւագին եւ երգչախումբին, առանց անձամբ մասնակցելու։ Իրականութեան մէջ, ժողովուրդն ալ պէտք ունի խնդրելու որ իրեն սորվեցնեն աղօթել։
Ի՞նչ է աղօթքը, եթէ ոչ մտերմիկ խօսակցութիւն մը Աստուծոյ հետ. Արդ այդ խօսակցութիւնը կրնայ ըլլալ արտաքին, արտասանելով կամ կարդալով կարգ մը շարադրուած աղօթքներ. Կրնայ ըլլալ նաեւ ներքին, մեր սրտէն բխած խօսք մը ուղղելով Աստուծոյ։ Այս հոգեկան աղօթքը աւելի հաճելի է Աստուծոյ, քանի կու գայ հոգիի խորերէն եւ կը կապուի ուղղակիօրէն Աստուծոյ Հոգիին։
Յիսուս կը սկսի սորվեցնել աղօթք մը որ յաւիտեան պիտի մնայ մեր մէջ որպէս Տէրունական աղօթքը, այսինքն Հայր մերը։ Այս աղօթքը յատուկ է բոլոր քրիստոնէաներուն։ Արդէն առաջին բառէն իսկ, Յիսուս մեզ կը կապէ ուղղակի Աստուծոյ եւ կը մտցնէ անոր մտերմութեան մէջ։ Աստուած հայր է նախ եւ առաջ. Հրէական աւանդութեան մէջ երբեք Աստուած Հայր չի կոչուիր, նոյնը միաստուածեան այլ կրօնքներու մօտ, Աստուծոյ երբեք կարելի չէ ուղղել իր աղաչանքը այսքան մտերմիկ կերպով։ Յիսուս նոյնիսկ անդին կ՛երթայ երբ կը գործածէ Ապպա բառը, որով հրէայ մանուկները կը կոչեն փաղաքշական կերպով իրենց հայրիկը, այսինքն մեր լեզուով` պապա, կամ հայրիկ։ Ասկէ աւելի մտերիմ կարելի չէ ըլլալ Աստուծոյ հետ։
Գալով մեր խնդրանքներուն անոնք թէ նիւթական են, երբ կր խնդրենք մեր առօրեայ հացը, սակայն նաեւ հոգեկան են, երբ թողութիւն կը խնդրենք մեր յանցանքներուն եւ կը խոստանանք ներել մեզի դէմ յանցանք գործողներուն։ Այս երկրորդ բաժինը աւելի դժուար է իրագործել, որով մեզմէ կը պահանջէ բարեսիրտ հոգի մը ունենալ, որ գիտնայ ողորմած ըլլալ, ինչպէս որ Աստուած ողորմած է։
Կը խնդրենք նաեւ որ մեզ զգուշացնէ փորձութիւններէն եւ հեռու պահէ չարէն։ Չարը դժբախտաբար ամէն տեղ է, որով նոյնիսկ եկեղեցական շրջանակներուն մէջ իր ազդեցութիւնը կը գործէ եւ առիթ կու տայ ծանր գայթակղութիւններու։ Յիսուս կը խոստանայ որ մեր խնդրանքները աղարդիւն պիտի չի մնան։ Տէրը չի կրնար անտեսել զանոնք եւ անպայման պիտի կատարէ, եթէ անոնք համաձայն են իր կամքին եւ պիտի ապահովեն բարիքը մեր անձին ու մեր մերձաւորներուն. Այս յոյսով լեցուած` դիմենք մեր երկնաւոր Հօր եւ ան պիտի հոգայ մեր բոլոր կարիքները. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2018, 08:00