Որոնել

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա 

Տօն Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած պազիլիքայի օծման։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Եկեղեցին Հռոմի մէջ գտնուող գլխաւոր չորս պազիլիքաներու ամենահինն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 9 նոյեմբերին տօնն է Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած պազիլիքայի օծման։ Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքան կառուցուած է 314ին Մէլքեատ Պապին կողմէ։ Ան սկզբնական դարերու ընթացքին հանդիսացած է քրիստոնեաներու խորհրդանիշը ուր հաւատացեալները կը հաւաքուէին մասնակցելու սրբազան արարողութիւններուն եւ ընդունելու եկեղեցական սուրբ խորհուրդները։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Եկեղեցին Հռոմի մէջ գտնուող գլխաւոր չորս պազիլիքաներու ամենահինն է եւ է նաեւ Արեւմուտքի ամենահին եկեղեցին։

Անցեալ չորեքշաբթի օր Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեցուցած էր թէ 9 նոյեմբերին կը յիշատակուի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի օծման տօնը, որ է Հռոմի Եպիսկոպոսին աթոռանիստ եկեղեցին, ըսած էր Ան ապա խնդրած էր աղօթել իրեն համար, որպէսզի կարենայ իր եղբայրները  հաստատել հաւատքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 08:45