Երուսաղէմ Երուսաղէմ 

Սուրբ Երկրի Գործակալներու միջազգային Ե համաժողովը Երուսաղէմի մէջ։

Այսօրուայ դրութեամբ գործակալներուն թիւը կը հասնի 84 եւ հաստատուած են 44 երկիրներու մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2018-ին,  Երուսաղէմի մէջ գումարուած է Սուրբ Երկրի գործակալներու միջազգային Ե համաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զանազան երկիրներէն 70 գործականեր։

Համաժողովը կազմակերպուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի եւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի աջակցութեամբ։ 

Ո՞վ են գործակալները։

Սուրբ Երկրի գործակալներու հաստատութիւնը ստեղծուած է 1421-ին Մարթին Ե քահանայապետին կոնդակով։ Անոնց պարտականութիւնն է տարածել Սուրբ Երկրի սրբավայրերու նկատմամբ պաշտամունքը, դրամահաւաքներ կազմակերպել վասն Սուրբ Երկրին, ուխտագնացութիւններ ձեռնարկել սուրբ վայրերուն ու անդադար գործել՝ ձեռք բերելու Ֆրանչիսկեան առաքելութեան ի նպաստ    զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն։

Այսօրուայ դրութեամբ գործակալներուն թիւը կը հասնի 84 եւ հաստատուած են 44 երկիրներու մէջ։

Բացի գործակալներէն վերոնշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Խօսէ Օքթավիօ Ռոյզ Արենաս, կրցեր եղբայրներու Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Եղբայր Միքայէլ Փերրի եւ Սուրբ Երկրի պահակ՝ Եղբ Ֆրանչեսքօ Փաթթոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 09:19