Որոնել

Կաթողիկէ Պատրիարքներ եւ կղերականներ Կաթողիկէ Պատրիարքներ եւ կղերականներ 

Արեւելքի Պատրիարքներու համագումարը Պաղտատի մէջ՝ ի նշան յոյսի։

Արեւելիքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 26 համագումարը առաջին անգամուան համար գումարուած է Պաղտատի մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելիքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 26 համագումարը՝  առաջին անգամուան համար գումարուած է Պաղտատի մէջ։ Համագումարը սկիզբ առաւ 26 նոյեմբեր 2018-ին ու վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 30 նոյեմբերին։

Համագումարին իրենց մասնառութիւնը կը բերեն Մարոնիներու Պատրիարք՝ Պշարա Պութրոս Ռայի, Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարք Իպրահիմ Իսաաք Սիտրաք, Մելքիդներու Պատրիարք Եուսէֆ Ապսի, Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի, Ասորիներու Պատրիարք Եուսէֆ Գ Եունան, ապա Երուսաղէմի Լատին Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը գերապայծառ Ուիլիամ Շոմալի եւ Փրոֆ. Սուրայա Պաշալանի՝ Միջին Արեւելիքի Երեկեցնելու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը։

Համագումարի աշխատանքները սկիզբ առին Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Եուսէֆ Եունան Գ նախագահած Սուրբ Համապատարագի արարողութեամբ՝ «Մշտական Օգնութիւն» Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ, որ 2010 հոկտեմբեր 31-ին դարձած էր ահաբեկչական արարքի վայր մը, որուն ընթացքին նահատակուեցան 50 հաւատացեալներ ու երկու քահանաներ։

Համագումարի օրակարգին մէջ նախատեսուած է Պատրիարքներուն հանդիպումը Իրաքի երիտասարդներուն հետ մինչ համագումարի աւարտին պիտի հրապարակուի փաստաթուղթ մը՝ հայող Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան եւ այսօրուայ դժուար իրավիճակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 11:05