Որոնել

Արհ. Հայր Եպիա Եպս. Եղիայեան Արհ. Հայր Եպիա Եպս. Եղիայեան 

Գերապայծառ Եղիայեան. «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եղբայրսիրութիւնն է»։

Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի գահակալութեան արարողութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 10 նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի 3-ին, Փարիզի «Saint Etienne du Mont» Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ  Փարիզի Լատինաց Թեմին Արքեպիսկոպոս՝ Արհ Միշել Օբըթիի, տեղի ունեցաւ  Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց՝  Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին Արհ. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի գահակալութեան արարողութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղեցական ու քաղաքական  բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նշենք Ֆրանսայի մօտ Քահանայապետական նուիրակ՝ գերապայծառ Լուիճի Վենթուրա եւ Արեւելեան քոյր եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ ու քահանաներ ինչպէս նաեւ քաղաքական ներկայացուցիչներէն՝ Տիար Փաթրիք Տէվէտճեան՝  «Hauts-de-Seine» նահանգի խորհուրդի նախագահը եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Տիկին  Յասմիկ Տոլմաճեան։ 

Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ կղերական դասի անդամներն ու հաւատացեալները։

Սրբազան արարողութեան սկիզբը խօսք առաւ Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը՝ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախկին առաջնորդը որ հրաժեշտի ելոյթի ընթացքին հաւատացեալներուն  ներկայացուց նորընտիր եպիսկոպոսը ապա գահակալութեան յատուկ արարութեամբ  անոր յանձնեց եպիսկոպոսական գաւազանն ու խաչը՝  իշխանութիւն տալով հովուելու եկեղեցին, հուսկ նորանշանակ առաջնորդը մատոյց Սուրբ պատարագը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրաւ եղբայրսիրութեան կարեւորութեան վրայ, զայն նկատելով եկեղեցւոյ ամենակարեւոր առաքելութիւնը ու հրաւիրելով  հաւատացեալները՝  այդ եղբայրսիրութիւնը ապրիլ հասարակութեան կեանքէն ներս։

Ունկնդրէ

Արհիապատիւ Գերապայծառ Եղիայեան ապա  անդրադարձաւ այն քայլերուն որոնք զինք առաջնորդեցին դէպի այս առաքելութիւնը Աստուծոյ նախախնամութեան յանձնելով զայն ու խնդրելով ներկաներէն որ չի զլանան իրենց աջակցութիւն ցուցաբերել որպէսզի ինք կարենայ լաւապէս կատարել եւ ի գործ դնել իրեն յանձնուած այս պարտականութիւնը։

Սրբազան արարողութեան աւարտին վերոնշեալ եկեղեցւոյ մէկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւելեան ճաշերով սարքուած հիւրասիրութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 11:09